Թուրքիոյ «ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ժհկ) պատգամաւորներ Շէնալ Սարըհան ու Ջանտան Եուջէեր այցելած են Յուլիս 5-ին Սթամպուլի Պույուքատա կղզիին մէջ ձերբակալուած, այնուհետեւ կալանաւորուած իրաւապաշտպաններուն:
Ըստ հայկական «Ակօս» թերթի կայքին` կալանաւորուած իրաւապաշտպանները պատգամաւորներուն յայտնած են, որ Թուրքիոյ մէջ շարունակուող արտակարգ դրութեան պատրուակով կալանավայրին մէջ կ՛ոտնահարուին իրենց շարք մը իրաւունքները (տեղեկատուութիւն ստանալու, ընկերային ձեռնարկներուն մասնակցելու, փաստաբաններու հետ հանդիպելու եւ այլն):
Թուրքիոյ մէջ գործող «Հայրենակցութիւն» միութեան հիմնադիր անդամ, իրաւապաշտպան Օզլեմ Տալքըրան յայտնած է, որ կալանավայրի ղեկավարութիւնը իրեն թոյլ չի տար կարդալ «Ակօս» պարբերականը` ակնյայտօրէն խախտելով տեղեկատուութիւն ստանալու իր սահմանադրական իրաւունքը:
Ըստ Տալքըրանի` կալանավայրի ղեկավարութիւնը այդ սահմանափակումը կը պատճառաբանէ «Ակօս»-ի մէջ հայերէն էջերու առկայութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Յուլիս 5-ին Սթամպուլի մէջ սեմինարի մը ժամանակ ձերբակալուած էին միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու 10 անդամներ, որոնց մէջ նաեւ` գերմանացի իրաւապաշտպան, «Amnesty International»-ի անդամ Փիտըր Շթոյդթները: Անոնցմէ 6-ի նկատմամբ աւելի ուշ կալանաւորման որոշում տրուած է: Վերջիններս կը մեղադրուին ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապ ունենալուն մէջ: