Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով հետաքննութիւն սկսած է: Հետաքննութեան ծիրէն ներս կազմուած է զայն անձեռնմխելիութենէն զրկելու պահանջագիր: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական Evrensel պարբերականը:
Անգարայի հանրապետական դատախազութեան կողմէ կազմուած պահանջագիրին մէջ կը նշուի, որ Փայլան Գանատայի հայկական Horizon Weekly պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ «Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութիւն իրականացուած է եւ անիկա դեռ կը շարունակուի»: Այս յայտարարութեան հետ կապուած հայ օրէնսդիրին դէմ բողոք ներկայացուցած է թուրք փրոֆէսոր Այկիւն Աթարը: Բողոքին ընթացք տրուած է եւ սկսած է հետաքննութիւն:
Փայլանին անձեռնմխելիութենէն զրկելու մասին պահանջագիրին մէջ կ’ըսուի, թէ ան «հրապարակայնօրէն նուաստացուցած է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն ու Թուրքիոյ կառավարութիւնը, վիրաւորած է հանրապետութեան նախագահը»:
Թուրքիոյ սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածը կ’ենթադրէ, որ յանցանք գործած պատգամաւորը չի կրնար հարցաքննուիլ, ձերբակալուիլ կամ կալանաւորուիլ առանց խորհրդարանի համապատասխան որոշումին: Հետեւաբար, դատախազութիւնը պէտք է յատուկ դիմում ուղարկէ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան, որպէսզի վերջինս դիմէ խորհրդարանի նախագահութեան:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութիւն ներկայացուելէ ետք հարցը քննարկման կը դրուի յատուկ յանձնաժողովի մէջ, որու կազմին մէջ են խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան հարցերով յանձնաժողովներու անդամները: Յանձնաժողովը հարցը ուսումնասիրելէ ետք կը պատրաստէ համապատասխան զեկոյց, որ վերջնական քուէարկութեան կը դրուի խորհրդարանի նիստի ժամանակ:
Պատգամաւորները իրաւունք ունին ինչպէս յանձնաժողովի, այնպէս ալ խորհրդարանի նիստի ժամանակ հանդէս գալ պաշտպանական խօսքով: Անձեռնմխելիութենէ զրկուելու պարագային անոնք կրնան հարցը բողոքարկել սահմանադրական դատարանին մէջ:
Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով՝ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուին այն անձիք, որոնք կը վիրաւորեն թուրք ժողովուրդը, պետութիւնը, թրքականութիւնը, երկրի պետական կառոյցները, զինծառայողները եւ իրաւապահները։
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար ժամանակին Թուրքիոյ ՔՕ 301-րդ յօդուածով հետապնդումներու ենթարկուած էին «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը, թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը։