Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնող խումբի երեք անդամ հրաժարական տուած է

Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին Պեքճեանի ընտրուելէն ետք պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման համար ստեղծուած նախաձեռնող խումբի 3 անդամ հրաժարական տուած է:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ  «Ակօս»-ը, Հոկտեմբեր 24-ի երեկոյեան նախաձեռնող խումբի անդամները, նախկին փոխ պատրիարք արք․ Արամ Աթէշեանը եւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն հանդիպած էին Պոլսոյ նահանգապետին հետ, որմէ երկու օր անց նախաձեռնող խումբի անդամները յայտարարեցին իրենց հրաժարականին մասին:

Ըստ տեղեկութիւններու` նախաձեռնող խումբէն հրաժարական տուած են Սարգիս Քուլեգեչը, Անթօ Քոսետաղը եւ Խաչիկ Ջանելը:

Նշենք, որ Իսթանպուլի նահանգապետի հետ հանդիպումը տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ տեղապահ արք․ Գարեգին Պեքճեան կը գտնուի Գերմանիա: Ան Իսթանպուլ պիտի վերադառնար Հոկտեմբեր 30-ին: