Վրաստանի նոր խորհրդարանին մէջ՝ երեք հայ պատգամաւոր

Հոկտեմբեր 8-ին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւնները որուն արդիւնքով պէտք է ձեւաւորուի նոր կառավարութիւնը: Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած տուեալներուն համաձայն` խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած է 1.814.276 ընտրող, որ կը կազմէ ընտրութեան ձայնի իրաւունք ունեցող (3.513.884 քաղաքացի) երկրի քաղաքացիներուն ընդհանուր թիւի 51.63%-ը, կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net-ը:

Հայաբնակ Ջաւախքի մէջ ընտրողներուն մասնակցած է 50.45%-ը: Այդ կերպով Ախալքալաք-Նինոծմինդա նորաստեղծ ընտրատեղամասին մէջ արձանագրուած 51.843 քաղաքացիէն ընտրութիւններուն ներկայացած է 26.153 մարդ:

Նախնական տուեալներուն համաձայն` Ախալքալաք-Նինոծմինդա ընտրական շրջանին մէջ ձայներու մեծամասնութիւնը ստացած է «Վրացական երազանք» կուսակցութեան մեծամասնական թեկնածու Հենզել Մկոյեանը: Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներուն համաձայն` Մկոյեանի օգտին քուէարկած է ընտրութիւններուն մասնակցած 15 731 մարդ (63,42%):

Վրաստանի հայկական համայնքը տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ դժուար չէ հաշուել` Վրաստանի Իններորդ համագումարի Խորհրդարանին մէջ «Ջաւախքի ներկայացուցիչ»-ին ճակատագիրը որոշած է Ջաւախքի ընտրողներուն ընդհանուր քանակի մօտաւորապէս 31-32%-ը: Շրջանի ընտրողներուն 68-69%-ը մտածելու տեղ ունի:

Ինչ կը վերաբերի այլ պաշտօնական տուեալներուն` թէեւ ամբողջ երկրին մէջ ընտրութիւնները դեռ չեն աւարտած (շատ մեծամասնական շրջաններու մէջ քուէարկութեան երկրորդ փուլի իրականացման անհրաժեշտութիւն կայ), Իններորդ համագումարի Խորհրդարանի հայ պատգամաւորներուն հարցը արդէն պարզ է: 2016-2020 թուականներուն  Վրաստանի Խորհրդարանին մէջ կ’աշխատին ազգութեամբ հայ 3 պատգամաւոր: Երեքն ալ կը ներկայացնեն «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը` Հենզել Մկոյեանը, Սամուէլ Մանուկեանը եւ Ռուսլան Պօղոսեանը: