Տերսիմի մէջ Էրգանի հայկական եկեղեցին կը գտնուի ոչնչացման եզրին

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Տերսիմ նահանգի Հոզաթ շրջանի Էրգան գիւղին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին, որ յայտնի է որպէս Էրգանի եկեղեցի, ամբողջական աւերման եզրին յայտնուած է:

Ինչպէս կը փոխանցէ Թերթ․amը՝ վկայակոչելով Yeniozgurpolitika.org կայքին, վերակառուցման կարիք ունեցող եկեղեցին պետութեան կողմէ պահպանութեան տակ առնուելու որոշումէն ետք նոյնիսկ որեւէ կերպով չէ նորոգուած:
Բացի այդ` Էրգանի եկեղեցին պարբերաբար կ՛ենթարկուի բնակիչներու` քիւրտ եւ զազա ալեւի գանձագողերու յարձակումներուն:

Կը նշուի, որ եկեղեցին կառուցուած է 975-ին, պատերուն ներսի կողմը դեռ պահպանուած են հայատառ որոշ արձանագրութիւններ:

էրգանի եկեղեցին կը համարուի Տերսիմի ամենամեծ ու հին հայկական եկեղեցիներէն մէկը. Կը պատմուի, որ 1915-էն ի վեր անիկա չէ գործած. Ցեղասպանութեան ժամանակ եկեղեցւոյ վերջին քահանան սպաննուած է այստեղ:

էրգան գիւղը նաեւ կը յիշատակուի Տերսիմի 1937-38 թուականներու կոտորածներու ժամանակ. Կը պատմուի, որ այստեղ սպաննուած է գիւղի 200 բնակիչ, որոնց զանգուածային գերեզմանը կը գտնու գիւղին մէջ:

Յայտնի է, որ պատմական Տերսիմի տարածքին կան 132 եկեղեցիներ ու 4 վանքեր, որոնց մեծ մասը աւերակի վերածուած է: