Տինքի դատավարութեան վկայ. «Հրանդի սպանութեան մասին նախապէս տեղեկութիւն եղած է, բայց  որեւէ միջոց չէ ձեռնարկուած»

Իսթանպուլի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ կը շարունակուի պոլսահայ լրագրող եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը: Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթի կայքին տեղեկնութիւններով` հերթական դատական նիստին մասնակցած են շարք մը կալանաւորուած եւ ազատ վկաներ ու կողմերու փաստաբանները:

Ազատութեան մէջ գտնուող վկաներէն մէկը` Հաճի Օմեր Ունալըրը, որ Տինքի սպանութենէն առաջ կ՝աշխատէր Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինին մէջ, ցուցմունքի ժամանակ պատմած է, թէ իրենք ինչպէս նախապէս տեղեկութիւն ստացած յանցագործութեան մասին:

«2006 Օգոստոսին Հիւսէյն Եըլմազի հետ գացած էինք բաժին: Օքան Շիմշեքը տեղեկութիւններ հաղորդելու նպատակով՝ Եըլմազը կանչեց իր սենեակ: Հինգ-տասը վայրկեան ետք կանչեցին զիս` նշումներ ընելու համար: Ես թուղթ առի ու սենեակ մտայ: Եասին Հայալը կ՝ըսէր, որ իր 3-4 ընկերներուն հետ, Իսթանպուլի մէջ, կը պատրաստուին սպաննել հայկական ծագումով լրագրող Հրանդ Տինքը եւ զէնք կը փնտռեն: Ես այդ տեղեկութիւնները արձանագրեցի:

Յետոյ համակարգիչով ստուգեցինք Տինքի եւ «Ակօս» թերթի մասին տեղեկութիւնը: Տեսանք, որ տեղեկութիւնը ստոյգ է: Յաջորդ օրը հետախուզական բաժինի նիստին հարցը քննարկուած էր: Ես նիստերուն չեմ մասնակցիր, աւելի ուշ գիտցայ, որ նիստին այդ հարցն ալ քննարկուած է: Որոշ ժամանակ ետք՝ Հիւսէյն Եըլմազը արձակուրդ առաւ: Ես գացի Օքան Շիմշեքի մօտ ու ըսի, որ այս հարցով որեւէ հրաման չենք ստացած: Շիմշեքը ըսաւ, որ խօսած է բաժինի տնօրէն Մեթին Եըլտըզի հետ, հրաման դեռ պիտի տրուի: Իսկ յետոյ, մինչեւ սպանութիւնը, ես այս մասին այլեւս որեւէ տեղեկութիւն չեմ ստացած»,- պատմած է Ունալըրը:

Վկան նաեւ աւելցուցած է, որ հակառակ ստացած տեղեկութեան` առանց համապատասխան հրամանի ան որեւէ գործողութիւն սկսելու, ինքնուրոյն միջոցներ ձեռնարկելու իրաւունք չէ ունեցած: Իսկ իրմէ աւելի բարձրաստիճան պաշտօնեաները, որոնք պէտք է նման հրաման տային, ոչինչ հրահանգած են: Ունալըր նաեւ նշած է, որ Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժին աշխատանքի անցնելէն ետք՝ որոշ ժամանակ աշխատած է նաեւ նոյն բաժինի արխիւին մէջ: Վկային խօսքով` այդ արխիւին մէջ Եասին Հայալի կամ անոր ընկերախումբի մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ եղած: Ոստիկանութենէն եւս, Եասին Հայալի վերաբերեալ ծանուցում չէ հասած: