Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Մայիս 15-ին այցելած է Էտիրնէի բանտ գտնուող Սելահետտին Տեմիրթաշին, որ կուսակցութեան կողմէն պաշտօնապէս գրանցուած է որպէս յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, Փայլան այցելութեան աւարտին գրառում կատարած է դիմատետրի իր էջին վրայ: «Էտիրնէի բանտէն ներս այցելեցի նախագահի մեր թեկնածու Սելահատտին Տեմիրթաշին: Ժամերով աշխատեցանք: Անոր փոխանցեցի հազարաւոր ողջոյններ: Ան եւս բոլորիդ բարեւներ ուղարկեց»,- յայտնած է Փայլան՝ աւելցնելով, որ Էտիրնէէն մեծ ոգեւորութեամբ վերադարձած է:
Հայ պատգամաւորը հրապարակած է նաեւ Տեմիրթաշի գրութեան պատճէնը, որուն մէջ կ’ըսուի. «Սիրով ստացայ Կարօ Փայլանէն ինծի փոխանցուած բարեւները: Ձեզի կ’ուղարկեմ իմ անկեղծ ողջոյններն ու սէրը»: