Անկէլա Մէրքէլ. «Մենք կը յարգենք Հայաստանի որոշումը»

«Մենք կը յարգենք Հայաստանի որոշումը կապուած Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութեան խնդրին եւ իւրաքանչիւր երկիր ինք պէտք է տնօրինէ իր զարգացման հնարաւոր ճանապարհը». Ռիկայի մէջ այսպէս յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկէլա Մէրքէլ: Մէրքէլ ակնարկելով Ռուսիոյ հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն նկատել տուած է, թէ Եւրոպական ընտանիքը հետամուտ է բանակցութիւններ վարել նաեւ Ռուսական կողմին հետ առկայ յարաբերութիւններու բարելաւման համար: Մէրքէլ խօսելով Ատրպէյճանի մասին ըսած է, թէ Ատրպէյճան մինչեւ այս պահը չէ կողմնորոշուած ու ամէն պարագայի իրենք կը յարգեն բոլոր երկիրներու ինքնորոշման իրաւունքները: