Կիրակի` Ապրիլ 26-ին, Փարիզի Նոթր-Տամ մայր տաճարը լեցուն էր Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի պատարագին ներկայ գտնուելու համար փութացած բազմութեամբ։ Բոլորին մտքին մէջ էր Պապին Ապրիլ 12-ի պատմական քարոզը Վատիկանի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ։
Փարիզահայութիւնը դարձեալ, առանց դաւանանքի խտրութեան, եկած էր միասնաբար ներկայ գտնուելու կաթողիկէ ժողովրդապետ Հայր Յովհաննէս Թէյրուզեանի քահանայի կողմէ կատարուած արարողութեան։ Ներկայ էին առաքելական եւ աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդները, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, նահանգային խորհուրդի նախագահ՝ Փաթրիք Տէվէճեան եւ համայանքի ղեկավարներ։
Այս պատարագին նախագահ եւ Փարիզի կաթողիկէ առաջնորդ, կարդինալ Անտրէ Վէնթթրուա՝ օրուան գլխաւոր քարոզիչն էր: Ան իր խօսքը կեդրոնացուց Ցեղասպանութեան հալածանքէն փրկուած Հայութեան վրայ, որուն իբր զուգահեռ բերաւ Յիսուսի Յարութենէն ետք, անոր աշակերտներուն դէմ ծաւալած հալածանքները, որոնց պատճառով անոնք ցրուեցան աշխարհի չորս ծագերը եւ տարածեցին Քրիստոսի վարդապետութիւնը։ Պատարագը աւարտեցաւ «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականի հմայիչ երգեցողութեամբ։
«Նոր Յառաջ»