Ռիկայի գագաթաժողովի մասնակիցները ողջունած են Ուքրանիոյ, Մոլտովայի ու Վրաստանի հետ Նոյնացման համաձայնագիրներ ստորագրելը

Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած «Արեւելեան գործընկերութեան» գագաթաժողովը ճանչցած է Ուքրանիոյ, Վրաստանի ու Մոլտովայի եւրոպական ձգտումները:
ԵՄ-ի երկիրներու եւ «Արեւելեան գործընկերութեան» մասնակիցներու առաջնորդներու ամփոփիչ համատեղ հռչակագիրին մէջ նշուած է.
«Գագաթաժողովի մասնակիցները կը ճանչնան շահագրգիռ գործընկերներու եւրոպական ձգտումներն ու եւրոպական ընտրութիւնը, ինչպէս որ նշուած է Նոյնացման համաձայնագիրներուն մէջ:
Գագաթաժողովի մասնակիցները կ՝ընդունին, որ ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները յարգելը, հիմնական ազատութիւնները եւ օրէնքի գերակայութիւնը կը գտնուին քաղաքական նոյնացման ու տնտեսական ընդելուզման ուշադրութեան կեդրոնին, ինչպէս որ նախատեսուած է Նոյնացման համաձայնագիրներով:
Անոնք կ՝ընդունին այդ արժէքներու իրագործման ու առաջ տանելու հանդէպ շահագրգիռ երկիրներու հաւատարիմ գտնուիլը: «Արեւելեան գործընկերութիւն»-ը պիտի շարունակէ ծառայել իբրեւ համապարփակ հիմք` համագործակցութեան ու երկխօսութեան համար` ուղղուած երկարաժամկէտ, համալիր բարեփոխումներու իրականացման:
ԵՄ-ի ու անոր գործընկերներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերեալ գագաթաժողովի քննարկումները հիմք պիտի ծառայեն նաեւ Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան մշտական վերանայման համար:
Գագաթաժողովի մասնակիցները ողջունած են Ուքրանիոյ, Մոլտովայի ու Վրաստանի հետ Նոյնացման համաձայնագիրներ ստորագրելը: Անոնք կ՝ընդգծեն, որ Նոյնացման եւ խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրներու իրագործումը յառաջիկայ տարիներուն պիտի հանդիսանայ ԵՄ-ի ու շահագրգիռ գործընկերներու գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը»: