Ապրիլ 24ին, հետեւելով Աւստրիոյ խորհրդարանի օրինակին, Վիեննա քաղաքի համայնքային խորհուրդը, որուն անդամները միաժամանակ կը հանդիսանան նաեւ Վիեննայի շրջանային խորհրդարանի պատգամաւորներ, որդեգրեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ մը ուր կ’ըսուի՝ :
«Ապրիլ 24ին կ՛ամբողջանայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1.5 միլիոն հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Մեկնելով պատմական պատասխանատուութենէն ու այն իրողութենէն, որ Աւստրա-հունգարական միապետութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմին դաշնակից էր Օսմանեան կայսրութեան, մեր պարտականութիւնն է այս սարսափելի իրադարձութիւնները որպէս Ցեղասպանութիւն ճանչնալ եւ դատապարտել: Նոյնպէս, Թուրքիոյ պարտականութիւնն է անկեղծօրէն առերեսուիլ իր անցեալի մութ ու ցաւալի այս դրուագին հետ եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հանդէպ իրագործուած յանցագործութիւնը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալ»։