Երեքշաբթի` 22 Դեկտեմբեր 2015-ին, Դամասկոսի Ազգ. Սբ. Թարգմանչաց Մանկապարտէզի փոքրիկ աշակերտները տօնեցին Նոր Տարին դիմաւորելով Կաղանդ Պապուկը: Ամանորեայ այս հանդէսին ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանը եւ Ազգ. Սբ. Թարգմանչաց Ճեմարանի տնօրէն՝ տիար Յակոբ Տէր Վարդանեանը:
Մանկապարտէզի ուսուցիչ դաստիարակները, տնօրէնուհի Տիկին Հայկանոյշ Խորոզեանի ղեկավարութեամբ հիւրերուն հրամցուցին Ամանորեայ ճոխ յայտագիր մը երգերով պարերով եւ ասմունքներով:
Հանդէսի աւարտին Սրբազան Հայրը խրատական պատգամը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց մանուկներուն եւ իր գնահատական երախտագիտութիւնը յայտնեց դաստիարակ ուսուցիչներուն:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս, 25 Դեկտեմբեր 2015