Առանց Հայրերու

Առանց հայրերու ապրող զաւակներն ենք մենք։

Նոյն վէրքը կրողները եւ անկէ մեր մէջ մնացած սպիներով, ուր որ ըլլանք, զիրար դիւրաւ ճանչցողներն ենք մենք։

Թեւ ու թիկունք չունեցող, աթոռի մը վրայ նստող, բայց չկրթնողներն ենք մենք։

Զաւակներուն ետեւի լեռներն են հայրերը,- անոնք չկան, լեռներուն տակի անյատակ, մութ ձորերն ենք մենք։

«Աղջիկս», «տղաս» թերեւս կանչող, բայց շատո՜նց չկանչուողներն ենք մենք.

Անոնց այլեւս չհնչող, միա՛յն մեր մէջ ապրող ձայները մոռնալէն երբեմն վախցողներն ենք մենք։

Օդին մէջ մնացած մեր բաց ափերը, ինկած մեր ուսերը այլեւս չբարձրացնող մեր հայրերուն ամուր-ամուր ձեռքերն ենք մենք։

Մեր կարօտն ենք մենք…

Անոնց երթալով մեր կորսնցուցած օճախները, լեցուն տոպրակներով տուն վերադարձող մեր հայրերը թափանցող՝ այլեւս փակ պատուհաններն ու անոնց անտէր մնացած բազկաթոռներն ենք մենք։

Տարիներ շարունակ, մեզի համար, առանց մեզի, անոնց ապրած օտարութիւնն ենք մենք։

Առանց հայրերու նկարուած, յաճախ անոնց ղրկուած մեր նկարներուն ետեւը գրուած տխուր տողերն ենք մենք։

Շաբաթը մէկ անգամ տան մէջ հնչող, այդ օտարութենէն եկած հեռո՜ւ զանգն ենք մենք.

Զանգին հետ, տան մէջ տիրող խինդն ենք մենք:

Պապային հետ խօսելու համար կարգի կեցող զաւակներն ենք մենք.

Կարգը չեկողներն ենք մենք…

Անոնց հետ մեր ըրածներէն աւելի՝ մեր հայրերուն հետ չըրածներն ենք մենք.

Չգացած մեր պտոյտները, չպարած պարերը, չհարցուցածները, չլսած յուշերը, խորհուրդները, վաղուան վստահելով, այսօր դաշոյնի մը պէս սիրտ ծակող մեր չըսածները, յետաձգածները ,- ուշ կը գիտակցինք՝ մեր զղջումներն ենք մենք։

Մեր հայրերուն շարունակութիւնն ենք մենք. անոնց սկսածները, չաւարտածները՝ չհասցուցածները, ըղձացածներն ու չտեսածները, անոնց զոհողութիւններուն ի գին այսօրուան մեր յաջողութիւնները՝ գրածները, նուագածները, բոլոր-բոլոր իրագործածները եւ այս ամէնուն առթած, մեր հայրերուն աչքերուն մէջ երբե՛ք չտեսած հպարտութիւնն ենք մենք։

Կամայ թէ ակամայ՝ մեր հայրերուն նախասիրութիւններն ու մեր անցեալը ուրուագծող անոնց  սովորութիւններն ենք մենք.  անոնց երգերը, ֆիլմերը, ճաշերը, որեւէ բան նորոգող, միտքէ չանցած գործիքները  հաւաքող տուփերը, մեր տուներուն մէջ տեղ մը պահուած անոնց հին ռատիօները եւ առտու կանուխ, տան անդամները արթնցնող այդ ռատիօներուն չվերջացող լուրերն ու ծրագիրներն ենք մենք։

Անցողիկ են մարմինները, հոգիներուն հետ վարուիլ, զանոնք սիրել գիտնալը,

միայն մեր ըրածներով չէ՛, երբեմն մեր չըրածներով ալ քաջ ըլլալը, սրտով նայիլը, փորձութիւններու ընթացքին բարի մնալը, ինքնակամ չխաբուիլը, խաւարը պատռող յոյսին եւ ինչքան ցաւալի ըլլայ՝ իրականութեան հաւատալը, աշխատողին աչքին լոյսն ու ճակտին քրտինքը գնահատող, անոր հացը, ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը չգողցող արդարութեան հաւատարիմ մնալը…. մեր հայրերէն մեզի անցած արժէքներն ու սկզբունքներն ենք մենք։

Մեր տեղը նստած՝ կրնանք շարժիլ եւ մեր չուզածէն փախիլ այլեւս, ենթադրելի է աշխարհը՝ անծայրածիր,- ո՛ւր ալ փախչինք, մեր հայրերուն մահերն ենք մենք. անոնց հիւանդութիւնները, ոչ թէ մարդու մարմին, այլ՝ շէնք մը փլող դեղերը, անոնց թափած մազերը, անոնց հիւանդանոցներուն պատերուն գարշելի գոյները, սենեակներուն ճրճրացող դռներն ու դէպի մահ տանող լուր ու մունջ, մաքո՜ւր միջանցքներն ենք մենք…

Մեր հայրերուն մարմիններուն վրայ գոցուած ճե՜փ-ճերմակ սաւաններն ենք մենք։

Սարդոստայնի պէս՝ ամուր եւ լուր մէջդ կ’ընդլայնանայ օրին չելած, համրացած ճիչ մը,- մեր եղբայրներուն ցաւո՜տ ճիչերն ենք մենք։

Մեր հայրերուն դագաղները կրող ինքնաշարժներէն հնչած, մահուան առջեւ բոլորս հաւասարեցնող, ձայնագրուած զանգերն ենք մենք։

Դէպի անոնց գերեզման տանող ծառուղին, այդ գերեզմանին եզերքը բուսնող վայրի, գարնան բացուող ծաղիկները, քարին վրայ գրուած անուան, ժամանակի ընթացքին չորցող սեւ գոյնը եւ հոն արձանագրուած երկու տարեթիւերուն մէջտեղի գծիկն ենք մենք…

Թոռնիկները իրենց մեծհայրերուն հետ չտեսնող զաւակներն ենք մենք։

Իրենց հայրերուն հետ զրուցած կամ խաղցած պահուն, մեր զաւակները յուզմունքով դիտող, ժամանակը կարծես կեցնել ցանկացող մայրերն ենք մենք։

Ովքեր եւ ինչեր ենք մենք…

Թերի, պակաս, մեր վէրքերով՝ տգեղ, թերեւս ալ գեղեցիկ ենք մենք…

Առանց հայրերու ապրող զաւակներ, այո՛, բայց նաեւ ծնողներ ենք մենք. մեր մէջինին նայելով, գոհունակ եւ լիաթոք փառք կու տանք, կը շարունակենք, կը դիմանանք, տարտղնուած մեր մատները իրար զօդող ափ կ’ըլլանք, ձեռք կ’ըլլանք, մեր զաւակներուն համար նոր երկինք, հեքիաթ ու ծիածան կ’ըլլանք, անոնց համար մեր չեղածն ու չունեցածը կ’ըլլանք…

Կրնանք ըլլալ մենք.

Բայց այսպիսի բան մըն է իրականութիւնը. այս բոլորը մեր ըրած պահուն, ապտակի մը պէս կու գայ՝ շռնդալից…

Բառ մը կու գայ, տող մը

Երգ մը կու գայ, մեղեդի մը,

Համ մը կու գայ, բուրմունք մը,

Հարցում մը, նշան մը… բան մը.

 

Չենք կրնար չկենալ. ամէն ինչ կը կենայ.

Անխուսափելի, այլեւս փախչելու տեղ չունեցող հոգին է մեր.

Ովքեր ու ինչեր ենք մենք…

Իսկութեան մէջ, մեր կորսնցուցածներն ու երբե՛ք չգտածներն ենք մենք։

             Սեւան Սեմէրճեան