Արա Կիւլերի գործերը պիտի ցուցադրուին աշխարհի յայտնի ցուցասրահներու մէջ

Անցեալ ամիս 90 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած պոլսահայ մեծանուն լուսանկարիչ Արա Կիւլերի գործերը պիտի ցուցադրուին աշխարհի շարք մը երկիրներու յայտնի ցուցասրահներու մէջ:

Թրքական «Հիւրիէթ» պարբերականի փոխանցմամբ, այս մասին համապատասխան կարգադրութիւնը ըրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

Կը նախատեսուի, որ Կիւլերի լուսանկարները ներկայացուին Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ եւ Իտալիոյ մէջ, յետագային` նաեւ այլ երկիրներու մէջ: Նախագիծը համակարգող յանձնաժողովի հաղորդմամբ, ցուցահանդէսներու կազմակերպչական ու նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած Արա Կիւլեր վախճանած էր Հոկտեմբեր 17-ի ուշ երեկոյեան Շիշլիի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Կիւլերի մահուան առիթով իր ցաւակցական ուղերձին մէջ Թուրքիոյ նախագահը մասնաւորապէս նշած էր, թէ «մեծ արուեստագէտները մահէն ետք կ՛ապրին իրենց թողած ստեղծագործութիւններով»: Հոյտեմբեր 20-ին Պոլսոյ կեդրոնական Իսթիքլալ պողոտայի Գալաթասարայի հրապարակին վրայ Պէյօղլուի թաղապետարանի կողմէ կազմակերպած էր «Սթամպուլի աչք» մականունով յայտնի տաղանդաշատ լուսանկարիչին վերջին հրաժեշտ արարողութիւնը, որուն ներկայ էին բազմաթիւ թուրք պաշտօնեաներ, Կիւլերի արուեստի հարիւրաւոր համակիրներ: Արա Կիւլերի հոգեհանգստի արարողութիւնը տեղի ունեցած էր Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութեան հայկական եկեղեցւոյ մէջ, իսկ աճիւնը ամփոփուած՝ Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ: