ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԸ

Իսթանպուլի «Մարմարա» օրաթերթի 25 Յունուարի համարէն գոհունակութեամբ տեղեկա- ցանք թէ նախորդ օրը, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ ընտանեկան եւ համայնքային պատկառելի ներկայութեամբ նշուած է թերթին երկարամեայ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի ծննդեան 90-րդ տարեդարձը, իրեն անակնկալ շքեղ հանդիսութեամբ մը, հովանաւորութեամբ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի:

Այս հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր փոխ խմբագրապետ Մաքրուհի Յակոբեանի գլխաւորութեամբ եւ կը նշէր նաեւ »Մարմարայ»ի հիմնադրութեան 75-ամեակը ու Ռ. Հատտէճեանի թերթի խմբագրապետութեան պաշտօնի ստանձնման յիսնամեակը:

Շուրջ 80 համայնքային ականաւոր հրաւիրեալներու մէջն էին տասնեակ մը հոգեւորականներ գլխաւորութեամբ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, իսկ տասնեակ մը այլ համայնքային ղեկավար դէմքերու կողմէ ուղարկուած էին ծաղկեկողովներ: Հանդիսավար Մարիամ Տրամէրեանի բացման խոսքերէն ետք յաջորդաբար սրտազեղ արտայայտութիւններով հանդէս եկան գրական, մշակութային ու մտաւորական դէմքեր ու գործակիցներ, ներառեալ բանաստեղծ Ինգա Սարըասլան: Բոլոր խօսողները վեր առին յոբելեարին օրինակելի աշխատասիրութիւնը, խիզախ սակայն չվիրաւորող եւ ուղղամիտ ու պարկեշտ գրիչը, որ տուաւ առանց սակարկելու, սորվեցուց անսեթեւեթ համեստութիւնը ու ճշմարիտ ազգասիրութիւնը: Իր գործակիցները անդրադարձան տասնեակ տարիներով վայելելու Հատտէճեանի արձակած լոյսը որ կը լուսաւորէ ոչ միայն իր անմիջական շրջապատին այլ նաեւ գրականութեան ամբողջ անդաստանին:

Rober HadejianԵրգչուհի Սիպիլ շնորհաւորական եւ բարեմաղթութիւններու ջերմ արտայայտութիւննհերէ ետք կատարեց Մաքրուհի Յակոբեանի բառերուն վրայ հիմնուած ու Մաժակ Թօշիկեանի երաժշտական  յօրինութեամբ «Կեանքի մը համար» սրտառուջ երգը: Ելոյթ ունեցաւ անզուգական ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան որ ներկայացուց Ռ. Հատտէճեանի եւ Յակոբ Պարոնեանի գործերէն զոյգ մը յաւուր պատշաճի կտորներ: Խօսք առաւ յոբելեարին գրչեղբայր՝ Վարդ Շիկահեր որ պանծացուց Հատտէճեանի մշակոյթի եւ գրականութեըան պատկառելի վաստակը:   Աւարտին, Սահակ Մաշալեան Սրբազան սրտառուջ խօսքերով եւ օրհնութեամբ վերջացուց ելոթներու շարքը:

Ամենէն վերջը, մեծարեալ յոբելեարը իր երախտագիտական խօսքերով յայտնեց թէ իրեն շնորհուած է գեղեցկութիւնները ճանչնալու եւ գնահատելու բարիքը ու զայն բաժնելու բոլորին հետ:   Այնուհետեւ բերուեցաւ տարեդարձի աւանդական կարկանդակը, որ խմբագրապետին եւ իր կողակիցին կողմէ հատուեցաւ ու բաժնուեցաւ բոլոր ներաներուն: Ապա մեծարեալը մի առ մի մօտեցաւ ներկաներուն ու ձեռքի սեղմումներով յայտնեց իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը:

Այս պանծալի առիթով, մեր կարգին, յանուն «Ապագայ» շաբաթաթերթի եւ abakanews.org համացանցային հրատարակութեան, սրտանց կը շնորհաւորենք հայ հրապարակագրութեան երէց նուիրեալ՝ Ռոպէր Հատտէճեանի 90-ամեայ յոբելեանը եւ կը մաղթենք բազմաթիւ տարիներու շարունակական իրագործումներ: