ԳՈՀԱՐ-Ի Համերգներու Հասոյթով Կրթաթոշակ Պիտի Տրուի Աշակերտներու

ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած  վերջին համերգներուն արձագանգները կը շարունակուին:

Այս խումբը գերազանց յաջողութեամբ եւ բերկրանքով հանդէս եկաւ իրերայաջորդ չորս իրիկնաշող համերգներով, օգտագործելով ամենաարդիական փորձագիտութիւնը:

«Ֆորում Տը Պէյրութ»ի աստղազարդ լուսաւորումներուն ներքեւ, իւրաքանչիւր համերգին ներկայ գտնուեցաւ 2250 հանդիսատես:

Համերգները ուղիղ եթերով սփռուեցան Հայաստանի հանրային հեռատեսութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ համացանցի միջոցաւ, ինչ որ ամբողջ Սփիւռքին հնարաւորութիւն ստեղծեց ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնն ու մշակոյթը՝ «ԳՈՀԱՐ»ի բոլոր ժամանակներու սիրուած երգերով: Մինչ համերգներուն արձագանգը կը շարունակուի, կը հաղորդուի որ շուրջ 260 հազար ամերիկեան տոլար հասոյթը որոշուած է ամբողջութեամբ յատկացնել կարիքաւոր հարիւր հայ աշակերտի ուսման նպատակին:

Այս համոյթը վաղուց կը հետապնդէ հայոց լեզուին ու մշակոյթին սատար հանդիսանալու նպատակը եւ այս վերջին կարգադրութիւնն ալ վառ ապացոյց մը կը համարուի այս ուղղութեամբ:

Կրթաթոշակները պիտի յատկացուին 2015-2016 կրթական շրջանին: