Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան
Առաջնորդին Եգիպտոս Ժամանումը
Որպէս եգիպտահայ պարտք կը զգամ անդրադարձ մը կատարել Եգիպտահայ Թեմի հարիւրամեայ ծաղկուն շրջանը հանդիսաւորելով, սկսեալ 1914 թուականէն, երբ Թեմի Առաջնորդ ընտրուեցաւ Արմաշական սերունդի ամենէն ուշիմ եւ նուիրեալ հոգեւորականներէն՝ Թորգոմ Արքեպիսկպոս Գուշակեան, Սեբաստիոյ նախկին առաջնորդը, որ Եգիպտոս կը հասնէր 1914 թուի Մայիսի 3-ին ու կը դիմաւորուէր «փառաւոր թափօր մը կազմած» Ազգային Իշխանութնէնէն, ու մուտք կը գործէր առաջնորդանիստ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին։
Եգիպահայ թեմի ազդեցիկ դիրք եւ անուն ունեցող անձինք պատկառելի թիւ եւ որակ կը ներկայացնէին հարիւրամեակ մը եւ աելի առաջ, գլխաւորութեամբ Պօղոս Նուպար Փաշայի, որ հիմնադիր նախագահն էր նորակազմ Հ.Բ.Ը. Միութեան (1906), եւ միեւնոյն ատեն լիազօր ներկայացուցիչը Տ. Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Փարիզի Ազգային Պատուիրակութեան: Թորգոմ արքեպիսկոպոս շուտով թեմակալ առաջնորդ կ՚ընտրուէր ու կը գտնէր Պօղոս Նուպար Փաշայի անձին մէջ իսկական հայը, պատկառանքով, անկեղծութեամբ եւ ազգասիրութեամբ օծուն՝ որպէս իր գործակիցն ու խորհրդականը։
Քաղաքական Կացութիւնը
Եգիպտոս չէր նմաներ թրքահայոց վիճակին, ուր սեղմումներ կային եւ հարստահարութիւններ ու հալածանք կը տիրապետէր։ Եգիպտոս ազատ երկիր մըն էր արդարասէր կառավարութեամբ, ուր հայեր կ՚ապրէին վայելելով երկրի միւս տարրերուն իրաւունքները, մանաւանդ երբ 1918-ի զինադադարէն ետք Եգիպտոսի վրայ Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը բոլորովին կը ջնջուէր։ Ս. Աստուածածին եկեղեցին Թեմի կեդրոնն էր, ուր նաեւ իմ մանկութիւնը անցաւ իբրեւ դպիր՝ մեր թաղին եկեղեցին ըլլալով։ Հոն մատուցած եմ նաեւ իմ անդրանիկ Ս. Պատարագը 1954 թուի ամրան։ Եկեղեցին մի քանի տարի ետք ապասեփականացուելով քանդուեցաւ պողոտայի շինութեան հետեւանքով։
Նորակառոյց Վարժարանները
Եկեղեցւոյ կողքին հինէն գոյութիւն ունէր 1865 թուին հիմնադրուած, եւ ապա ընդարձակ եւ շքեղ շէնքերու մէջ փոխադրուած, Գալուստեան Ազգային Վարժարանը, կառուցուած Աղա Կարապետ Գալուստի կտակով, ուր նաեւ ես աշակերտեցայ քառասունական թուականներուն, 800-ի մօտ հաշուող աշակերտութեան հետ միասին դպրոցին ամենափայլուն շրջանին։ Հոն աշակերտած էր նաեւ մայրս եւ իրեն հասակակից հայորդիներ, տնօրէնի եւ ուսուցչապետի պաշտօններով այն ատեն յայտնի Լեւոն Թաշճեանի, Արշակ Ալպօյաճեանի, Շահան Պէրպէրեանի, Գարեգին Տիւլկէրեանի, Նահապետ Նահապետեանի ու Յովհաննէս Գայայեանի։ Կը յիշեմ շատ փոքր տարիքիս, երբ դպրոցէն եկեղեցի տարին մեզ՝ ներկայ ըլլալու Տնօրէն Լեւոն Թաշճեանի յուղարկաւորութեան:
Եգիպտահայ ուսումնական ցանցին մէջ Պօղոսեան Ազգային Վարժարանը, բարերարութեամբը Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի 1890-էն ի վեր կը ծառայէր Աղեքսանդրիոյ հայ համայնքին։ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին Գահիրէի մէջ երկու վարժարաններ եւս ծաղկեցան, Պէրպէրեան Վարժարանը՝ տնօրէնութեանը ներքեւ Շահան Պէրպէրեանի: Շուտով Գահիրէի արուարձան Հելիոպոլիսի մէջ եւս կառուցուեցաւ Նուպարեան Վարժարանը՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի հովանաւորութեամբ, եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ Մելգոնեան Մանկապարտէզը՝ բարերարութեամբ Կարապետ Մելգոնեանի: Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներ եղան նաեւ մեծ բարերարները նոյն տարիներուն՝ 1926-ին հիմնելով Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը։ Այս բոլորը կատարուեցան առաջնորդ Թորգոմ արքեպիսկոպոսի քաջալերանքովն ու անձնական միջնորդութեամբը: Առաջնորդին մեծագոյն արգասիքը պիտի ըլլար նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին ու Առաջնորդարանի շէնքը Գահիրէի լաւագոյն մէկ պողոտային վրայ։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին
Քաղաքի հին Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած էր Գաբրիէլ Մարաշցի եպիսկոպոսի ջանքերով 1839 թուին եւ իննսուն տարիներ ետք, 1928 թուին պիտի բարձրանար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ բարերարութեամբ Գրիգոր Եղիայեանի, մահացած 1911 թուականին, որ յետ մահու իր յատուկ կտակին համաձայն գործադրութեան կը դրուէր անոր թէ՛ նորաշէն եկեղեցւոյ եւ թէ՛ բարձրագոյն ուսմանց հետեւող ուսանողներու կրթաթոշակները: Մինչեւ մեր օրերը, կը յիշեմ, Եղիայեան Սանուց կրթաթոշակները, արժանի ուսանողներուն կը յատկացուէին։ Կտակի գործադրութեամբ 1924 թուին Առաջնորդն ու Թեմական իշխանութիւնը հիմնարկէքը կատարեցին հոյակապ աւանդական ոճով կառուցուելիք եկեղեցիին՝ ճարտարապետութեամբ Լեւոն Նաֆիլեանի:
Եկեղեցւոյ շինութիւնը աւարտեցաւ 1928-ի սկիզբը, եւ Փետրուար 12-ին կատարուեցաւ օծումը՝ ձեռամբ Առաջնորդ Թորգոմ արքեպիսկոպոս Գուշակեանի, որ բարերարի անունով զայն անուանեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Եկեղեցի։ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի խմբագրապետ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեան կը գրէր. «Իր դաստակերտն է այս եկեղեցիին նիւթական շէնքը, ո՛ր կողմ որ դարձնէք ձեր նայուածքը, զինքը կը գտնէք անոր մէջ»։ Թորգոմ արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին կառուցուած են նաեւ Աղեքսանդրիոյ հայոց գերեզմանատան Ս. Գէորգ մատուռը, Գէորգ Թոփալեանի ժառանգորդներուն նուէրով, եւ Զակազիկ քաղաքի Ս. Խաչ եկեղեցին` բարերարութեամբ քաղաքի ազգայիններէն Խաչատուր Կամսարականի։
Թեմի Առաջնորդարանի շքեղ երկյարկանի շէնքը կարելի եղած է կառուցանել Տիգրան Փաշա Տ՚ապրոյէ կտակուած գումարով եւ հաւասարապէս Պօղոս Նուպար Փաշայի նուիրատուութեամբ։ Նորաշէն եկեղեցոյ կից այս հոյակերտ շէնքի հիմնարկէքը առաջնորդ Թորգոմ արքեպիսկոպոս ինք կատարեց 1928 Յունուար 20-ին, եւ տարի մը ետք արդէն աւարտած էր անոր կառուցումը։ Միեւնոյն ատեն Մշակութային Միութիւններ եւս ծաղկեցան, Նաւասարդ եւ «Յուսաբեր» օրաթերթի Կեդրոնը 1918-ին, Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութիւնն ու «Արեւ» օրաթերթի Կեդրոնը 1920 թուին, Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Ընկերակցութիւնը 1941-ին, Հայ Ազգային Հիմնադրամը 1942-ին եւ Կոկանեան Մշակութային Կեդրոնը 1945-ին, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ եւ Արարատ Նուպար Մարմնամարզական Միութիւնները իրենց մարզասրահներով։
Մամբրէ Արքեպիսկոպոս Սիրունեան
Գուշակեան Սրբազան իրեն Աղեքսանդրիոյ մէջ փոխանորդ նշանակած էր Արմաշի վերջին սերունդէն Մամբրէ Ծ. Վրդ. Սիրունեան, եւ երբ 1931թուին Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք ընտրուեցաւ ու Գահիրէէն Ս. Աթոռ մեկնեցաւ, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանին յաջորդեց որպէս տեղապահ Մամբրէ Ծ. վարդապետ, որ իսկոյն Գահիրէ փոխադրուելով վարեց Թեմին ներքին գործերը։ Եգիպտահայ Թեմի զոյգ քաղաքական եւ թեմական ժողովները Ս. Էջմիածին խնդրանք նեկայացուցին Մամբրէ Ծ. վարդապետի եպիսկոպոսացումին համար։ 1933 թուին Նորընտիր Խորէն Ա. Մուրատբէգեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եպիսկոպոս ձեռնադրելով Մամբրէ Ծ. վարդապետը, զինք Եգիպտոս ուղարկեց որպէս Տեղապահ Եգիպտահայ Թեմին։
Նորապսակ Եպիսկոպոս Մամբրէ Սիրունեան վարչական ճկուն եւ իմաստուն հեռատեսութեամբ վարեց իր պաշտօնը, եւ սակայն Թեմական իշխանութիւնները յապաղեցին Թեմակալ առաջնորդի իր ընտրութիւնը, որ երկար տեւեց հակառակ անոր, որ Առաջնորդի լրիւ գործերը կը վարէր իրեն յատուկ լաւատեսութեամբ, եւ 1945 թուին զինք Առաջնորդ ընտրեցին եւ Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գէորգ Զ. Չորեքճեան Կաթողիկոս զինք Արքեպիսկոպոսութեան աստիճանով պատուեց։ Մամբրէ Սրբազան իր 40 տարիներու երկարատեւ պաշտօնին վրայ մնաց աշխատունակեւ խղճամիտ, բարձր գնահատուելով երկու Հայրապետներուն՝ Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գէորգ Զ. եւ Տ. Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսներուն կողմէ։
Որպէս երիցագոյն արքեպիսկոպոս 1955 թուին Մամբրէ Սրբազան նախագահեց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ձեռնադրութեան եւ օծման հանդիսութեանց: Իր Առաջնորդութեան շրջանին Վազգէն Ա. Հայրապետ չորս անգամ Եգիպտահայ Թեմ այցելեց, ուր նաեւ նախագահեց 1956 թուի Մարտ ամսու Առաջին Եպիսկոպոսական Ժողովին՝ Առաջնորդարանի մեծ դահլիճին մէջ, ու վերջին անգամ 1966-ին պատուելու համար Թեմի Մամբրէ Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ Սրբազանը իր քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով։ Արմաշէն արտաքսեալ վերջին դասարանէն էր, երբ 1916 թուին Կ. Պոլսոյ մէջ Արշամ սարկաւագ Սիրունեան կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ Արմաշու Դպրեվանքի վերջին վերատեսուչէն Մեսրոպ Նարոյեան եպիսկոպոսէն վերակոչուելով Մամբրէ Աբեղայ։
Իմ Վկայութիւնը
Մամբրէ Սրբազանի օրով աւելի կենսունակ դարձաւ Գահիրէի Առաջնորդարանը, որուն ականատես եղանք մեր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան շրջանին, վայելելով նաեւ իր արարողակարգն ու բծախնդիր պաշտամունքները երկու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ։ Սրբազան Հօր ցուցմունքով Գալուստեան Վարժարանի ուսանողներս Սրբազան յատուկ տօներուն մասնակից կը դառնայինք Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պաշտամունքներուն, երգելով նոյնիսկ մի քանի շարականներ՝ ղեկավարութեամբ մեր ուսուցչին եւ դպրապետին Ղազարոս Ղազարոսեանին։ Մենք աւելին ստացանք Առաջնորդ Սրբազանէն, երբան վերի կարգերուն կրօնքի դասեր կ՚աւանդէր Գալուստեան Վարժարանէն ներս։ Մամբրէ Սբազան յանկարծամահ կը վախճանէր 1966 թուի Հոկտեմբերին, ետին ձգելով քաջ հովիւի ու նուիրեալ հոգեւորականի պատուաբեր վաստակը։
Քաղաքական Վերիվայրումներ
Իմ պատանեկան օրերուն, 1950 թուականին Եգիպտոսի թագաւորութիւնը տապալած էր եւ Եգիպտական Հանրապետութիւն հռչակուած։ Եգիպտոս իր անդորրն ու միջազգային հովանաւորութիւնը կորսնցնել սկսած էր, եւ փոքրամասնութիւններ հետզհետէ կը հեռանային երկրէն։ Տեղացի ժողովուրդը հեռաւոր ու մերձաւոր գիւղերէն լեցուեցան մայրաքաղաք եւ անորոշութիւնն ու աղքատութիւնը ծայր տուաւ։ Մեր օրերուն հայութեան թիւը շուրջ 45,000 հոգի կը հաշուէր Եգիպտոսի մէջ, եւ սակայն յաջորդող յիսնամեակի աւարտին արդէն այդ թիւին հարիւրէն տասը միայն մնացած էր, եւ առ այսօր միայն երեք կամ չորս հազար հայութիւն կը հաշուէ հայութիւնը։
Իմ վերջին երկու այցելութեանց ընթացքին նկատեցի անկումը, հակառակ անոր որ մշակութային եւ դպրոցական, եկեղեցական ու մարզական շրջանակներ տակաւին աշխոյժ կը շնչեն ու յարատեւ գործի կը ձեռնարկեն, յաճախ Հայրենիքէն հրաւիրելով արուեստագէտներ եւ բանախօսներ։ Ներկայիս երկու ակումբներ գործօն են տակաւին ուր մարզական շարժումը աշխոյժ է, ինչպէս զոյգ օրաթերթերը՝ «Արեւ»ն ու «Յուսաբեր»ը որոնք համայնքը առողջ եւ կենսունակ կը պահեն տեղեկութիւններով եւ այլազան գործունէութիւններով: