ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀՊՈՒՄ՝ ԱՆՄԱՀ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆԻ «ՏՐՏՈՒՆՋՔ»-Ի

Արեւմտահայ գրականութեան ամենակարեւոր բանաստեղծներէն Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք» քերդուածը նորովի հանդէս եկաւ՝ երգչուհի Մարալ Այվազի ձայնով: Երգը յօրինեց և մշակեց յայտնի երաժիշտ՝ Նորայր Տէմիրճեան:

1851 ծնունդ Սկիւտարցի Պետրոս Դուրեան, չքաւորութիւններով պատուած կեանքին տեւողութեան բազմազան տխրութիւններ ապրած, երիտասարդ տարիքին վարակուած թոքախտի հետեւանքին վախճանած էր: Իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին յօրինած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, թատրերգութիւններ, վարած է դերասանական պաշտօններ, եղած է նաև լրագրի և հանդէսի խմբագիր:

Ամերիկաբնակ երաժիշտ Նորայր Տեմիրճեան, որ երկար տարիներ ստեղծագործութիւններով նպաստած է Թուրք Փոփ երաժշտութեան, ան Դուրեանի այս քերթուածէն հատուածներ առնելով մեղեդիներու կը միացնէ զանոնք: Յետոյ կապ կը հաստատէ Մարալի հետ, որպէսզի ձայն տայ երգին:

«Տրտունջք»ը վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի ամենանշանաւոր ստեղծագործութիւններէն մէկն է։

Երգի առթիւ նկարահանուած տեսահոլովակին մէջ երգչուհին ճամբորդելով դէպի անցեալ, ականատես կը դառնայ բանաստեղծի ներաշխարհական ապրումներուն, կեանքի պայքարին, արարիչի դէմ հանդիմանութեան ու կը կիսուի անոր վիշտերը:

Տեսահոլովակի բեմադրութեան աջակցութիւն բերաւ՝ դերասան Եղիա Աքկիւն, նկարահանումները կատարեց՝ Սելման Պօզքըր, ընդհանուր կազմաւորութիւնը իրագործեց՝ Մարալ Այվազ: Իսկ բանաստեղծի դերը ստանցնեց՝ Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու:

Նշելով թէ, երգչուհիին համար երգը յատուկ իմաստ կ’ունենայ, քանի որ այս տարի Պետրոս Դուրեանի ծննդեան 170ամեակն է:

Երգչուհին « Տրտունջք »ը կը ձօնէ մեզմէ անժամանակ բաժնուած, իրենց կեանքը կորսնցուցած զինուորներու յիշատակին։

Մարալ Այվազի «Տրտունջք» երգը տեղադրուած է բոլոր թուային երաժշտական հարթակներուն մէջ, իսկ տեսահոլովակը, որ Թրքերէն և Անգլիերէն տողատակի տարբերակներով պատրաստուած է։

Տեսահոլովակը կարելիէ դիտել Եու-Թիւպ հարթակի վրայ, հետեւեալ յղումով։

https://www.youtube.com/watch?v=gxQL2nTMfbU