Երուանդ Տանձիկեան. «Տինքի սպանութեան գործով նոր տեսագրութիւնը կ՛ապացուցէ, որ պետութիւնը մինչեւ կոկորդը խրուած է այս յանցագործութեան մէջ»

Պոլսահայ լրագրող, Իսթանպուլի հայ համայնքի թերթերէն «Ակօս»-ի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ աղմկայարոյց տեսագրութեան մասին «Ակօս»-ի 9 Սեպտեմբեր թուի իր սիւնակին մէջ խօսած է թերթի ներկայ խմբագիր Երուանդ Տանձիկեանը:

Նշենք, որ տեսանիւթին մէջ նկատուող վեց սպաները, որոնք փաստացի արդէն կը մեղադրուին Տինքի սպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն ըլլալու համար, կը կասկածուին Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձի կազմակերպման համար մեղադրուող Ֆեթուլլահ Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապեր եւ յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու մէջ:

Տանձիկեան իր յօդուածին մէջ զարմանք կը  յայտնէ, թէ ինչո՞ւ այս տեսանիւթերը համացանցին մէջ յայտնուած են հիմա եւ արդեօ՞ք տեսագրութիւնները հրապարակած իշխանամէտ մամուլի նպատակը գործի բացայայտումն է, թէ՞ ոճրագործութիւնը միայն կիւլենականներուն վրայ բարդելը:

Տանձիկեանի յօդուածը «Թերթ․ամ»-ը կը ներկայացնէ ստորեւ.

Շաբաթուայ սկիզբը իշխանամէտ մամուլին մէջ յայտնուեցան Հրանդ Տինքի սպանութեան գործին առնչուող տեսանիւթեր: Այս տեսանիւթերուն մէջ կը տեսնենք՝ ոստիկանութեան հետախոյզները «Ակօս»-ի խմբագրութեան մօտ ազատ կը շրջին: Այս տեսանիւթերուն` համացանցի մէջ յայտնուելուն զուգահեռ` Տինքի սպանութեան գործը կրկին սկսաւ քննարկուելու մամուլի մէջ:

Նախ եւ առաջ պէտք է արձանագրել հետեւեալը. տեսանիւթերը կը պատմեն այն մասին, որ պետութիւնը մինչեւ կոկորդը խրուած է այս յանցագործութեան մէջ: Սա ակնյայտ է: Սա մենք կ՛ըսենք Տինքի սպանութենէն ի վեր: Ի՞նչ իմաստ իր մէջ կը պարունակէ այս տեսանիւթերուն հիմա հրապարակուիլը:

Նախ եւ առաջ պէտք է ըսել, որ այս տեսանիւթերուն գոնէ մէկ մասի առկայութիւնը յայտնի էր տարիներ շարունակ: Այսինքն` խօսքը միանգամայն վերջերս յայտնուած տեսագրութիւններու մասին չէ: Պարզապէս անոնք նոր կը հրապարակուին: Նորութիւնը անոնց հրապարակումն է:

Միւս նորութիւնը սպանութեան օրը անոնց ունեցած հեռախօսազանքերու բացայայտումն է: Այս ամէնէն մեր մտքին առաջին հերթին այս հարցը կու գայ. այս ամէնը բացայայտելու համար ինչո՞ւ սպասել շուրջ 9 տարի:

Իշխող կուսակցութեան շրջանակներու պատասխանը այս հարցերուն հաւանաբար սա պիտի ըլլայ` «կիւլենականներուն նոր բացայայտած ենք», կամ ալ «կիւլենականները կը խոչընդոտէին, որ ընենք»:

Ասոնք, անշուշտ, համոզիչ արդարացումներ չեն: Այս այպանութիւնը բացայայտելու համար տարիներ շարունակ մեծ ջանքեր կը գործադրուին: Տինք ընտանիքը, ընտանիքի փաստաբանները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանները, Հրանդին ընկերները եւ, ի վերջոյ, միջազգային շրջանակները տարիներ շարունակ կը պահանջեն այս սպանութեան արդար բացայայտումը: Մէկ ալ, սպանութենէն անմիջապէս ետք կառավարութեան կողմէ տրուած «նամուսի» խոստումը կայ:

Բայց, հակառակ այս ամէնուն, այս տեսագրութիւնները պահուեցան:

Այժմ` տեսագրութիւններու յայտնուելէն անմիջապէս ետք, իշխանամէտ մամուլը այս յանցագործները կը ներկայացնէ իբրեւ կիւլենականներ: Գուցէ եւ այդպէս է: Չենք կրնար իմանալ:
Մինչդեռ այստեղ երկու յստակ պատասխան գտնելու համար երկու հարցում կայ:

Ոստիկանութեան այդ աշխատակիցներուն այնտեղ ըլլալը որո՞ւն հրամանն էր: Եւ եւս մէկ հարցում, որ պակաս կարեւոր չէ` իսկ եթէ այս անձիք բոլորը չէ, որ կապ ունին կիւլենականներու հետ… Այս երկրորդ հարցի պատասխանը աւելի մեծ կարեւորութիւն ունի: Եւս մէկ անգամ կը կրկնեմ` հնարաւո՞ր է, որ այս անձերէն ոչ բոլորը կապ ունին կիւլենականներու հետ: Սակայն, վերը նշածս միջավայրին մէջ շատ հնարաւոր է, որ ձեռնարկուի «սեւցնելու» գործողութիւն, եւ միւս մասնակիցներն ալ կիւլենականներու անուան տակ անցնին:

Ինչպէս գիտենք, այս պետութիւնը այդպիսի գործողութիւններ իրականացնելու հարցով վարպետ է: Եւ վերջապէս ուղղեմ հետեւեալ հարցը. այս ոճրագործութիւնը այս կամ այն պատճառով 9 տարի շարունակ կոծկել յաջողած պետութիւնը ինչպիսի՞ պետութիւն է…: