Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան ողջունած է ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Արաս Օզպիլիսի տեղափոխումը թրքական «Պեշիքթաշ» ֆութպոլային ակումբ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին Սելինա Տողան գրառում կատարած է Facebook-ի իր էջին վրայ: «Հայ ֆութպոլիստ Արաս Օզպիլիսի` «Պեշիքթաշ» տեղափոխուելու լուրը շատ ուրախացուց ինծի: Կասկածէ վեր է այն, որ մարզանքն ու մարզական մրցումները կարեւոր դեր կը կատարեն հասարակութիւններու` իրար աւելի լաւ ճանչնալու, հասկնալու, եղբայրական կապերը ամրացնելու ուղղութեամբ: Արաս Օզպիլիսի` այսուհետ Թուրքիոյ մէջ խաղալու փաստը կարեւոր կը համարեմ թրքական եւ հայկական հասարակութիւններուն միջեւ եղբայրական կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէն», նշած է Տողան:
Ան ցաւով անդրադարձած է այն փաստին, որ ընկերային ցանցերու վրայ Օզպիլիսի ազգային պատկանելութեան պատճառով անոր դէմ ցեղապաշտական քարոզչութիւն կ’իրականացուի: «Թող ոեւէ մէկը չմոռնայ, որ այս հողերուն վրայ ֆութպոլը որպէս մարզաձեւ բերուած է ոչ իսլամ ժողովուրդներու կողմէ:
Առաջին ակումբները հէնց անոնք հիմնած են», ընդգծած է թրքական խորհրդարանին մէջ առաջին կին հայ պատգամաւորը: Ան յաջողութիւն մաղթած է «Պեշիքթաշ»ին եւ Օզպիլիսին` ըսելով. «Սիրելի Արաս, բարի գալուստ քու տունդ, քու ծնած հողդ»: