Թուրքիոյ մէջ Օսմանեան շրջանի հայ գեղանկարիչներու կտաւներուն նուիրուած ցուցահանդէս

Թուրքիոյ մէջ բացուած է օսմանեան շրջանի գեղանկարչութեան մէջ մեծ աւանդ ունեցող հայ գեղանկարիչներուն նուիրուած ցուցահանդէս։ Պոլսոյ «Canvas Art Investments» սրահին մէջ իրականացուող «Armenian Painters In the Ottoman Empire» (Օսմանեան կայսրութեան հայ գեղանկարիչները) ցուցահանդէսը կը գործէ Դեկտեմբեր 20-Յունուար 20: Այս մասին, կը տեղեկացնէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Superhaber» լրատուական կայքը։ Տեղեկութեան համաձայն հայերը կայսրութեան մէջ մեծ հռչակ վայելած են յատկապէս ճարտարապետութեան ու գեղանկարչութեան ոլորտներէն ներս հեղինակած գործերով:

«Անոնք հեղինակած են ստեղծագործական ձիրք ու վարպետութիւն պահանջող շարք մը գործեր՝ պալատներու զարդարանքներէն մինչեւ թատրոններու ձեւաւորումներ, Պոսֆորի նեղուցի ափամերձ հրաշալի շինութիւններէն մինչեւ առաջին խորհրդարանի պատգամաւորներու վկայականներու ձեւաւորում»,- ըսուած է հրապարակման մէջ:

Կը նշուի, որ թրքական գեղանկարչութեան մէջ շրջադարձային կէտը եւս հնարաւոր եղած է հայ նկարիչներուն շնորհիւ. «Կտաւի վրայ իւղաներկով նկարելու արուեստին մէջ արեւմտեան մտածողութեամբ օսմանեան գեղանկարչութեան առաջին գործերը հեղինակած են հայ գեղանկարիչները»:

Ցուցահանդէսին ներկայացուող ուշագրաւ կտաւներէն են Պեշիքթաշցի Ջիւանեանի «Սթամպուլ», Սամաթեացի Սիմոն Եազըճեանի «Գուշակ կինը» (1882թ.) եւ Տրապիզոնցի Բիւզանդ Գոճամանեանի «Էշերը» կտաւները: