Իտալիոյ Լ’Աքուիլայի քաղխորհուրդը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ Լ’Աքուիլայի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով ԵՆՀՀ ԱԳՆ-ի տարածած տեղեկատւութիւնը։

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Իտալիոյ մէջ հայերու միութեան ուղղուած նամակներուն մէջ Լ’Աքուիլայի քաղաքապետ Մասսիմօ Չիալենթէն տեղեկացուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Լ’Աքուիլայի քաղաքային խորհուրդը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին` ի հաստատումն պատմական ճշմարտութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան: