Իտալիոյ Մէջ Հրատարակուած Է Հայերէն-Իտալերէն Եւ Իտալերէն-Հայերէն Նոր Բառարան

Իտալիոյ մէջ տպագրուած է հայերէն (արեւելահայերէն)-իտալերէն եւ իտալերէն-հայերէն(արեւելահայերէն) միակ բառարանը, որուն պաշտօնական ներկայացուցիչ ճանչցուած է իտալական HOEPLI յայտնի հրատարակչութիւնը: Այն պաշտօնապէս պետական ճանաչում ստացած է Իտալիոյ մէջ:

Նախապէս  Հայաստանի մէջ տպագրուած բառարանները եւ արեւմտահայերէն տպագրութիւնները պաշտօնապէս չեն ճանչցուած Իտալիոյ մէջ: Բառարանը կը պարունակէ 20000 բառ, բառակապակցութիւններ, ասացուածքներ, տառադարձութիւններ: Առաջին անգամ ներկայացուած է արեւելահայերէնի հնչիւնաբանութիւնը (HOPELI յայտնի հրատարակչութիւնը որպէս հիմք ընդունած է հայերէն տառերու հնչիւնակազմութիւնը` հիմնուած պետական լեզուի մէջ օգտագործուող հնչիւնական համակարգին):

Բառարանը հնարաւոր է պատուիրել առցանց յղումով` http://www.hoepli.it/l…/dizionario-armeno/9788820367381.html”