Իրավիճակը Հալէպի մէջ

Հալէպի բնակչութիւնը, աւելի քան 10 օրէ ի վեր զրկուած է ջուրէ, մօտաւոր 4 ամիսէ ի վեր՝ ելեկտրականութենէ։ Բնակչութիւնը կ’օգտագործէ ջրհորներու ջուր, իսկ խմելու համար կը ստիպուի գնել հանքային ջուր։ Ելեկտրականութիւնը կ’ապահովուի ելեկտրածին սարքերէ՝ վճարովի։

Ապահովական առումով սուրիական բանակը 27 Յունուարին, իր հակակշռին տակ առաւ Հալէպի արեւելեան շրջանի արուարձաններուն մէջ գտնուող ալ Ուատիաա գիւղը, որ յարակից է Հալէպը մատակարարող ելեկտրակայանին։ Բանակի յառաջացման իւրաքանչիւր քայլի դիմաց ահաբեկչական խմբաւորումներ անհամար հրթիռներ կ’արձակեն բնակչութեամբ հոծ թաղամասերու վրայ։

Չորեքշաբթի՝ 27 Յունուար 2015-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Ազիզիէի ալ Մահապէ վարժարանին հրապարակը, ինչպէս նաեւ Սինեմա Օկարիթ, Մունշիէ եւ Ապպարա թաղամասերն ու հանրային պարտէզի շրջանը։ Արձանագրուեցան վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ։