Լաթվիայի մէջ տպուած է Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու ժողովածուն: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Լաթվիայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան:
«Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ Լաթվիայի մէջ վերջապէս տպուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու ժողովածուն։ Թարգմանիչը լաթվիացի հայագէտ Վալտա Սալմինեանը, նկարիչն է տաղանդաւոր Նայիրա Մուրատեանը, հրատարակիչը Եանիս Ռոուզէ հրատարակչութիւնը։ Ծրագիրը իրականացած է Լաթվիայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ ՀՀ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ջանքերով եւ աջակցութեամբ՝ ի նշանաւորումն մեծանուն հայ գրողի 150-ամեակի։ Շնորհակալ ենք Վլատիմիր Մխիթարեանին աջակցութեան համար։ Շնորհակալ ենք ծրագիրին ներգրաւուած բոլոր գործընկերներուն։ Շուտով կը կազմակերպենք գիրքին շնորհանդէսը»,- գրած է դեսպանը։