Ժամեր առաջ սուրիական պաշտօնական աղբիւրները յայտնեցին, թէ սուրիական բանակը ազատագրած է Խանասէրի ճանապարհը ամբողջութեամբ։
Այսպիսով վերջ գտած է այդ տարածքի ազատագրման զինուորական գործողութիւնը։ Այժմ զօրքը ճանապարհի ականազերծման աշխատանքները կ՚ամբողջացնէ եւ վաղը Հալէպ-Խանասէր-Ասրիէ-Սալամիէ ճանապարհը բաց եւ ապահով պիտի յայտարարէ։