«Կիլիկիա՝ Առիւծներու Երկիր»․ նոր ֆիլմ Կիլիկիոյ թագաւորութեան մասին

Յուլիս 17ին, Պէյրութի մէջ առաջին անգամն ըլլալով ցուցադրուեցաւ «Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիր» եռամաս ժապաւէնին նախագծային հատուածները։

Ժապաւէնին գաղափար -նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է «Գոհար» սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադիր` Խաչատուրեան ընտանիքին, մասնաւորապէս լիբանանահայ բարերար Յարութ Խաչատուրեանի աջակցութեամբ:

«Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի սերունդներուն մէջ վառ պահել երբեմնի հզօր եւ հպարտ թագաւորութեան ժառանգները ըլլալու գաղափարը: Կիլիկիոյ պատմութիւնը ներկայացնող ժապաւէնը մեծ արձագանգ պիտի գտնէ յատկապէս լիբանանահայերու ու աշխարհասփիւռ հայերու կողմէ, քանի որ անոնց մեծամասնութիւնը արմատներով այնտեղէն կը սերի», ըսած է Խաչատուրեան:

Երեք բաժինէ բաղկացած ժապաւէնին նախագիծը, շուրջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ գեղարուեստական մօտեցումով, հանդիսատեսը հաղորդակից կը դարձնէ Կիլիկիոյ հզօրագոյն թագաւորութեան 300ամեայ պատմութեան․ առաջին բաժինով կը ներկայացուի Կիլիկիոյ պատմութեան առաջին շրջանը` սկսելով իշխանութեան հիմքերէն մինչեւ Ռուբինեան հայ մեծագոյն թագաւորները, երկրորդը, պատմական փաստերով կը հրամցուի Կիլիկիոյ իշխաններուն միջեւ անհամաձայնութիւնները, ներքին հալածանքները, իսկ հիմնական կիզակէտը Կիլիկիոյ միակ գահաժառանգը` Զապէլն է: Երրորդ բաժինով ցոյց կը տրուի հզօր հիմերու վրայ ստեղծուած թագաւորութեան մշակութային եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները Եւրոպայի հետ, նաեւ` գերհզօր Մեմլուքներու բանակներուն դէմ մղուած կատաղի մարտերը, որոնք պատճառ դարձան Կիլիկեան թագաւորութեան կործանման: Իսկ վերջին տեսարանը Կիլիկիոյ վերջին թագաւորին` Լեւոն Ե.ի յուղարկաւորութիւնն է` թագաւորական արժանավայել կերպով:

Ֆիլմին բեմադրիչ Աշոտ Առաքելեան ըսած է, որ նկատի ունենալով, թէ ժապաւէնը կը պատմէ Կիլիկիոյ մասին, յարմար սեպուած է նկարահանումները կատարել Հայաստանի մէջ` օգտագործելով անոր բնաշխարհն ու ամրոցները: Ըստ անոր, նկարահանող խումբն ու դերասանական կազմը եղած են հայեր. դերասաններու ընտրութեան ընթացքին շեշտը դրուած է ո՛չ թէ անոնց նշանաւոր ըլլալուն վրայ, այլ՝ անոնց արհեստավարժութեան, կերպարներու համապատասխանութեան: Այս նախագծային հատուածներու պատրաստութեան ընթացքին նկատի առնուած են միջազգային բոլոր պայմանները` նկարահանման վայր, վիժուըլ իֆեքթի եւ մոնթաժի յատուկ մասնագիտական խմբակ: Ըստ անոր, տակաւին ճշդուած չէ, թէ այս ժապաւէնը ի՛նչ ոճով պիտի ներկայացուի` մասերով, ֆիլմաշարի ձեւով, թէ այլ:

Խօսելով բեմագրութեան մասին` Առաքելեան յայտնած է, որ հիմնուած են պատմական տուեալներու վրայ, համադրում կատարուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան մասնագէտ պատմաբաններու հետ, անոնց խորհուրդները նկատի առնուած են:

Ֆիլմը նկարահանած է հայաստանեան «Տոմինօ Փրոտաքշըն» ընկերութիւնը: Յատուկ գրուած երաժշտութիւնը ձայնագրուած է «Գոհար» սիմֆոնիկ նուագախումբի  եւ երգչախումբի կատարումով:

Երեք տարուան հսկայական աշխատանքի մը իբրեւ արդիւնք «Կիլիկա` Առիւծներու Երկիր» եռամաս ժապաւէնը նախատեսուած ֆիլմէն շատ փոքրիկ բաժին մը է, իսկ նման ժապաւէնի մը ամբողջութիւնը հանրութեան ներկայացնելու համար անհրաժեշտ են գործընկերներ, որպէսզի այս հսկայական ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի եւ  պատրաստուելիք ֆիլմը մրցի միջազգային ժապաւէններու հետ եւ հասնի միջազգային շուկայ։

Ժապաւէնը շուտով պիտի ցուցադրուի նաեւ Հայաստանի մէջ։