Հալէպի հրթիռակոծումներու հետեւանքով հայուհի մը զոհուեցաւ

Չորեքշաբթի՝ 28 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամերուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի Թիլել, Սեյիտ Ալի եւ Ազիզիէ թաղամասերը: Հրթիռակոծուեցաւ Ազիզիէի հայահոծ թաղամասին մէջ գտնուող ՀՄԸՄ-ի դաշտը: Հրթիռակոծումներուն հետեւանքով արձանագրուեցաւ 2 զոհ, 10 վիրաւոր: Դաշտին մէջ վիրաւորուեցաւ Ճորճ Մութաֆեանը:

Նոյն օրը կէսօրուան ժամերուն՝ Սուլէյմանիէ շրջանի հրթիռակոծումներու հետեւանքով զոհուեցաւ 1969-ի ծնունդ հայուհի մը՝ Սեւան Պետրոս Հատատ: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար»-ը։