Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ( Հ.Հ.Հ. ) Թորոնթոյի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 23 րդ. տարեդարձի առիթով կազմակերպուած համագաղութային հանգանակային ճաշկերոյթը, որ նուիրուած էր եղեռնի 100 րդ. ամեակին եւ Հայ ազգի աննկուն կամքին, խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ 18 Հոկտեմբեր 2015 Կիրակի, երեկոյեան Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։
Հ.Հ.Հ. Թորոնթոյի մասնաճիւղը հիմնադրութեան թուականէն ի վեր ազատագրուած Արցախի վերաշինութեան եւ զարգացման աշխատանքներուն իր մեծ ներդրումը բերելով ազգանուէր եւ մարդասիրական աշխատանք կը տանի, մինչեւ օրս իրականացնելով 49 մեծ ու փոքր ծրագիրներ։
Հայ Կեդրոնի սրահի մուտքին հրաւիրեալներ կը դիմաւորուէին Հիմնադրամի վարչութեան անդամներու կողմէ, որոնք կը հիւրասիրուէին քոքթէյլի սպասարկութեամբ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ու հանդիսութիւնը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով վարեց՝ Նաթալի Կէօքչէնեան, որ պատուոյ հիւրերը ծանօթացնելէ ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ի յարգանս 1.5 միլիոն սրբադասուածներու հոգիներուն համար։ Ձեռնարկը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով որ գեղեցկօրէն մեկնաբանուեցան Արմենիա Սարգիսեանի կողմէ։
Երեկոյթին ներկայ էին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիար Արմէն Եգանեան, Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, օրուայ պատուոյ հիւր ու պատգամաբեր Գանձասարի Հերոս,Դադի Վանքի շրջանի եւ Վաղուհասի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեան, քաղաքիս մէջ գործող հայ եկեղեցիներու հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հայրեր, քաղաքական կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու հոգաբարձուներու, ազգային վարչութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ սրահը լեցնող հիմնադրամին սատարող 340 բարերարներու եւ համակիրներու ընտրեալ բազմութիւն մը։
Ցեղասպանութենէ վերածնունդ ներկայացնող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ, որ կ՚ամփոփէր հիմնադրամի 23 տարուայ պատմութիւնն ու ծրագիրները։ Ապա ելոյթ ունեցաւ Հ.Հ. Դեսպան՝ Արմէն Եգանեան։ Դեսպանը անդրադարձաւ Համահայկական Հիմնադրամի նպատակներուն եւ իրագործած ծրագիրներուն մասին, մանաւանդ մայրուղիներու կառուցումը որոնք ոչ միայն ճանապարհային կապ ապահովեցին այլ նաեւ նպաստեցին Արցախի անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման։ Եզրափակելով իր խօսքերը յայտնեց թէ « Մեր երիտասարդ հանրապետութիւնը կ՚ունենայ բազմաթիւ յառաջդիմութիւններ, բայց տակաւին կան շատ մը հարցեր որոնք դեռ լուծուած չեն, հիմնադրամի նուիրատուութիւններն են որ կու գան մէկ մասին օգնութեան »։ Պր. Եգանեան իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց մանաւանդ հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի աշխատանքներուն որ տարիներ շարունակ կ՚ապացուցանէ իր ուժը, տոկունութիւնը եւ մեծ յաջողութիւններու հասնելու կարողութիւնը։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ մեր արժանաւոր երիտասարդուհիներէն սոփրանօ Արմենիա Սարգիսեան այս անգամ հանդէս եկաւ Շարլ Ազնաւուրի « Mon Emouvant Amour » ( Հոգեյոյզ իմ սէր ) կտորով ստանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքը։
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնար, որ իր քաղցր ձայնով ու ապրումով մեկնաբանեց « Կիլիկիա », « Ղարաբաղի եղնիկ » եւ Մաժաք Թօշիկեանի յօրինումով « Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ » կտորները, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թալին Քըլըպոզեանի, որ արժանացաւ երկարատեւ ծափահարութիւններու։
Աբգար Սրբազան հակիրճ կերպով իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Ճաշի ընթացքին ներկայացուեցաւ Հ.Հ.Հիմնադրամի 2014 ին Արցախի մէջ կատարած ձեռքբերումներուն տեսերիզը։
Ապա բեմ բարձրացաւ հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի երկարամեայ ժրաջան ատենապետ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան։ Պր. Մկրտիչեան յայտնեց թէ հարիւրամեակի առիթով մեր այս օրուայ յայտագիրը կը ձօնենք մեր սրբացած նահատակներուն եւ նոյն ատեն կը տօնենք նաեւ Հ.Հ.Հիմնադրամի աշխատանքներուն 23 րդ. ամեակը։ Պր. Մկրտիչեան շարունակելով իր խօսքերը հետեւեալ կերպով արտայայտուեցաւ « Մեր աշխատանքները պէտք է ծրագրենք եւ շօշափելի ձեւով կիրարկենք, այնպէս որ այս աշխատանքները կը պահանջեն յարատեւութիւն եւ պայքար, այս մէկը կը գործադրուի հայրենաշինութեամբ եւ նաեւ պաշտպանենք մեր ունեցածը երկաթեայ շերեփով։ Հայրենաշինութեան գործին մէջ առաջինը եղաւ Հ.Հ.Հիմնադրամը, որ հիմնուեցաւ անկախութենէ անմիջապէս ետք, կատարուածները մեր գոյատեւումը եւ վերածնունդը կ՚ապացուցանեն։ » Պաստառի վրայ ցուցադրուեցան Արցախի մէջ կատարուած շինարարական վերջին գործունէութիւնները, որոնց մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղը 49 րդ. ծրագիրներէն հետեւեալները իրականացուց ։ Աւարտեցաւ Իվանեան գիւղի մանկապարտէզի շինութիւնը, Իվանեան գիւղի կեանքի կեդրոնը, Շոշ գիւղի դպրոցի եւ ցանկապատի նորոգութիւնը, Նալպանտեան գիւղի դպրոցի վերանորոգութիւնը եւ Նոր Մարաղա գիւղի շտապօգնութեան կառք մը։
Պր. Մկրտիչեան հիմնադրամի բոլոր սատարողներուն մի առ մի շնորհակալութիւններ յայտնեց, պարգեւելով անոնց յուշանուէրներ։ Շնորհակալութիւններ յայտնեց նաեւ հայ մամուլին « Նոր Հայ Հորիզոն » հեռատեսիլին, « Թորոնթոհայ » ամսաթերթին, Մոնրէալի « Ապագայ » եւ « Հորիզոն » շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ « Մարմարա » օրաթերթին յայտնելով որ Պոլսոյ մեր հայրենակիցները օրին տեղեակ պիտի ըլլան մեր քաղաքի անցուդարձներէն։
Այս տարի հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին իշխանական նուիրատուութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Արմէն Նալպանտեան, Տէր եւ Տիկին Սարգիս Մարանճեան եւ Պր. Պերճ Սրկ. Լիւլէճեան։
Դեսպան Պր. Եգանեան « Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Բարերար Անդամ » ի մետայլով պարգեւատրեց՝ Տէր եւ Տիկին Արմէն Նալպանտեանը, ինչպէս նաեւ հարուստութիւնը հիմնադրամին կտակող հանգուցեալ Ժան Ֆրանքեանի անունով իր քոյրը Սեդա Ֆրանքեանը։
Տէր եւ Տիկին Սարգիս Մարանճեաննէր եւ Պր. Պերճ Սրկ. Լիւլէճեանն ալ ձեռամբ՝ Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեանի պարգեւատրուեցան « Լեռնային Ղարաբաղի » մետայլով։
Պր. Մկրտիչեան հանգամանօրէն ներկայացուց օրուայ պատգամաբեր եւ պատուոյ հիւր Արցախի հերոս՝ Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեանը որ արժանացած ու պարգեւատրուած է զանազան բարձր շքանշաններով եւ մետայլներով, հրաւիրեց զինք որ ելոյթ ունենայ։
Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեան ներկաները ողջունելէ ետք իր խօսքերուն սկիզբը յայտնեց թէ Արցախեան ազատագրական պայքարը մեր հայ ժողովուրդը համախմբեց եւ միասնական դարձուց, եթէ չըլլար սփիւռքահայութիւնը անկարելի էր բացատրել Արցախի վիճակը այսօր։ Տէր Հայրը դրուագներ պատմեց, թէ 800 տարի հայրենիքէ դուրս եղած Գանձասարը 1992 ին Սպարապետ Սարգիսեանի խնդրանքով հաւաքուած 500 հոգինոց ջոկատով ազատագրած էին։ Տէր Յովհաննէս միշտ ըսած է « Ղարաբաղը Հայաստանի դարպասն է, իսկ Ղարաբաղցիները հայ ժողովուրդի սահմանապահերը։ » Ան պատմեց նաեւ թէ ինչպէս 1993 թուականին իր շուրջ 4 հոգի ունենալով օգնութեան հասաւ Գանձասարի սպառնացող վտանգին, թէ ինչպէս ունեցան մեծ յաղթանակ եւ Գանձասարը մնաց ապահով։
Պաստառի վրայ տեղեկութիւններ տուաւ Դադի Վանքի ներքին պատերու մաքրութեան մասին։ Տէր Հայրը խօսքերու աւարտին ներկաներու յոտնկայս երկարատեւ ծափահարութիւններուն արժանացաւ։ Հիմնադրամի վարչութեան անդամներէն Պր. Արամ Իշնարի ձեռամբ՝ Տէր Յովհաննէսեանին նուիրուեցաւ ոսկեայ յատկանշական մատանի մը։
Հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի փոխ ատենապետուհի Տիկ. Հուրի Նաճարեան « Մենք կը կառուցանենք մեր ապագան » բնաբանով իր սրտի խօսքը փոխանցեց, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր հիմնադրամի սատարողներուն, որոնց շնորհիւ է որ Արցախի մէջ շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին, հրաւիրեց ներկաները նեցուկ կանգնելու իրենց յառաջիկայ աշխատանքներուն։
Հիմնադրամի հնարամիտ Ատենապետը Պր. Մկրտիչեան փայլուն գաղափարը ունեցած էր կապ հաստատելու նշանաւոր ոտնագնդակի հայաստանցի մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ, որ ներկայիս Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտ խումբին մաս կը կազմէ, ձեռք ձգած էր Հենրիխ Մխիթարեանի կողմէ ստորագրուած մարզաշապիկը, որը աճուրդի դրուելով ապահովուեցաւ 21.000 տոլար, իսկ անստորագիր մարզաշապիկին համար ալ վճարուեցաւ 5.000 տոլար։
Այս գիշերուայ հաւաքոյթէն խոստումներով միասին գոյացաւ 770.000 տոլար գոհացուցիչ գումար մը, այնպէս որ հիմնադրամի յառաջիկայ տարուայ 50 րդ. ձեռնարկը պիտի ըլլայ կառուցել տարբեր վայրերու մէջ երկու կեանքի կեդրոններ եւ հինգ հոգինոց ընտանիքներու համար կառուցել երկու տուներ, որոնց իւրաքանչիւրը պիտի արժէ 50.000 տոլար։
Այս ձեռնարկը աւելիով հասաւ իր նպատակին, ուրախացնելով թէ՜ կազմակերպիչները եւ թէ հիմնադրամին սատար հանդիսացող նուիրատուները։