Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պիտի քննարկուի Բրիտանիոյ լորտերու պալատին մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Յունիս 16-ին պիտի ներկայացուի Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի Լորտերու պալատին:

Խորհրդարանի կայքի փոխանցմամբ, 1915 թուականին հայերու, յոյներու եւ ասորիներու զանգուածային սպանութիւններու հարցը որպէս ցեղասպանութիւն պիտի ներկայացնէ պարոնուհի Քերոլայն Քօքսը:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլին Երեւանի մէջ կայացած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկօրեայ միջազգային համաժողովի ընթացքին Քերոլայն Քօքսը յայտարարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Մեծ Բրիտանիոյ դիրքորոշման մէջ որոշակի փոփոխութիւններու մասին: