Հայ թեկնածուները Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն

Այժմ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրի 40-70 հազար հայ: Անոնք երկրի ամենախոշոր ազգային փոքրամասնութիւններէն մէկն են: Մինչեւ 1915 թուականի զանգուածային ջարդերը անոնց թիւը անհամեմատ աւելի շատ էր: Անոր յաջորդած տասնամեակներու ընթացքին հալածանքներու քաղաքականութիւնը, հարստութեան հարկը եւ պետական ու ռազմական ոլորտներու մէջ ղեկավար պաշտօններ զբաղեցնելու փաստացի արգելքը հայ ազգի ներկայութիւնը թրքական քաղաքականութեան մէջ գրեթէ աննկատ դարձուց, ըստ News.am-ի՝ կը գրէ Euronews-ը:
Սակայն իրավիճակը սկսած է փոխուիլ: Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը փոփոխութիւններ կատարած է օրէնքին մէջ` թոյլ տալով վերադարձնել նախապէս ազգային փոքրամասնութիւններէ բռնագրաւուած 300 միաւոր գոյքը:

Նախագահ Էրդողանի կողմնակից լրագրող Մարգար Եսայեանը յայտնուած է իշխող կուսակցութեան թեկնածուներու ցուցակին մէջ: «Չեմ կարծեր, որ զիս ընտրած են որպէս թեկնածու այն պատճառով, որ ես հայ եմ: Այո, ատիկա իմ ինքնութեանս կարեւոր մասն է: Ես երջանիկ եմ, որ հայ եմ: Կը կարծեմ, որ ատիկա լաւ զուգադիպութիւն է, եւ իմ թեկնածութիւնս Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան վառ ապացոյցն է: 55-ամեայ ընդմիջումէ ետք հայը դարձած է իշխող կուսակցութեան թեկնածու: Ատիկա կը նշանակէ, որ ան կը դառնայ գործադիր իշխանութեան մաս»,- կ՛ըսէ Եսայեանը:

Իր շարքերուն մէջ հայ թեկնածու ունի նաեւ ընդդիմադիր «Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնը»: Իրաւաբան Սելինա Օզուզուն Տողանը կը ղեկավարէ Իսթանպուլի ձախերու ցուցակը: «Ես կ՛ուզեմ զբաղիլ խտրականութեան խնդիրներով, պայքարիլ ատելութեան հողի վրայ տեղի ունեցող յանցագործութիւններու դէմ: Պաշտպանել մարդու հիմնարար իրաւունքները, խօսքի ազատութիւնը: Ի հարկէ հայերը աւելի նկատելի կը դառնան, մենք կը կարենանք խօսիլ այդ խնդիրներու մասին: Հայերը աւելի ինքնավստահ կը դառնան: Մենք կ’ազատուինք այն զգացումէն, որ մեզ կ՛անտեսեն»:
Մէկ այլ երիտասարդ հայ քաղաքական գործիչ Կարօ Փայլանը Իսթանպուլի մէջ ձախակողմեան «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» 2-րդ թիւն է: Ան Հայաստանի հետ սահմանը բանալու կոչ կ՛ընէ. «Հարցն այն չէ, որ դուն հայ ես, թէ ոչ: Մեր կուսակցութեան մէջ կան նաեւ քիւրտեր ու թուրքեր, բայց ատիկա ոչ թէ ազգային պատկանելիութեան, այլ քաղաքական հայեացքներու պատճառով է: Նոյնը հայերու պարագային: Ատիկա կարգաւորման գործընթաց է: Առաջ Թուրքիոյ որոշ փոքրամասնութիւններ կ՛անտեսուէին համակարգին կողմէ»:

Arm. 15 June (Tegnazouner)2Վերջին 92 տարիներու ընթացքին թրքական խորհրդարանին մէջ միայն 5 հայ պատգամաւոր եղած է: Սակայն հիմա երկրին մէջ աւելի շատ կը խօսին ազգային փոքրամասնութիւններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին: