Վանի Գեւաշ գաւառին ենթակայ Ալթընսաչ գիւղի մօտ գտնուող 11-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Թովմաս հայկական վանքը շարունակ կ՛ենթարկուի գանձագողերու պատճառած աւերին: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Աղբիւրին համաձայն` Գեւաշի գաւառապետ Մուրաթ Սեզերը նշած է, թէ գանձ որոնողներու «անխղճութեան» հետեւանքով վանքը մեծ վնաս կերած է եւ ենթակայ է վերականգման:
Մուրաթ Սեզերը շեշտած է, որ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով եկեղեցին հարկ է ըստ արժանուոյն ներկայացնել, եւ որ գաւառապետարանը վանքի վերականգման համար դիմած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան:
Ան նաեւ յայտնած է, որ սոյն եկեղեցին մինչ օրս բաւարար չափով ուշադրութեան չէ արժանացած պետութեան կողմէ եւ աւերուած վիճակի մէջ է` պահպանման տակ գտնուած չըլլալուն պատճառով:
Գեւաշի գաւառապետը նաեւ նշած է, որ տեղական իշխանութիւններու ցանկութիւնը ու խնդրանքն է, որ վանքը հնարաւորին չափով արագ վերանորոգուի, որպէսզի օտարերկրեայ զբօսաշրջիկները եւս կարենան հիանալ անով:
Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի աւերուած վանքերն ու եկեղեցիները Թուրքիոյ կողմէ խիստ հազուադէպ կը վերանորոգուին հիմնականօրէն տուեալ շրջաններու մէջ եւս զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով: