«Alevinet» լրատուական կայքը «Մէկ առ մէկ կը ջնջուին հայ ժողովուրդի հետքերը» վերնագիրը կրող յօդուածին մէջ անդրադարձած է Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն (Թաշհորան) հայկական եկեղեցւոյ նկատմամբ թրքական իշխանութիւններու բարձիթողի վերաբերմունքին:
Կայքը կը գրէ, որ «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի ծննդավայր Մալաթիոյ մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ` 2012-ին սկսած վերականգնման աշխատանքները կիսատ մնացած են:
Կը նշուի, որ եկեղեցին անցած է Մալաթիոյ քաղաքապետարանի, Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան եւ Անշարժ գոյքի ազգային գլխաւոր վարչութեան վերահսկողութեան տակ: 5 տարի առաջ պատմական շէնքին յենած են մետաղական շինարարական սանդուղքներ եւ կիսատ թողած աշխատանքները:
Հայկական եկեղեցւոյ վերաբերեալ արձանագրութիւնները ժամանակի ընթացքին ջնջուած են եւ այդ իսկ պատճառով յայտնի չէ, թէ երբ եւ որուն կողմէ կառուցած է ան:
Տարիներ առաջ փլուած է անտարբերութեան մատնուած հայկական եկեղեցւոյ գմբէթը, իսկ եկեղեցին թալանուած էր գանձագողերու կողմէ:
Եկեղեցւոյ վերականգնման շուրջ լուրերը ուրախացուցած էին հայերը եւ թաղամասի բնակիչները:
Ըստ տեղի բնակիչներուն` Սբ . Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերականգումով զբաղող կազմակերպութիւնը դադրեցուցած է աշխատանքները չֆինանսաւորուելու պատճառով:
Անդրադառնալով Մալաթիոյ հայութեան, կ՛ըսուի, որ 1970-ականներուն Մալաթիոյ մէջ բազմաթիւ հայեր կ՛ապրէին, սակայն այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած յարձակումներու եւ 1980-ի ռազմական յեղաշրջումէն ետք վերջին հայ ընտանիքները ստիպուած եղած են լքելու քաղաքը: