ՄԱՀ ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆԻ

Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի Յունիս 20-ի համարէն ցաւով տեղեկացանք թէ իր հանգստեան տան մէջ նոյն օրը մահացած է Փարիզ հրատարակուած, 2009-էն ի վեր դադրած, «Յառաջ» օրաթերթի երկարամեայ գլխաւոր խմբագիր Արփիկ Միսաքեան, յետ երկարատեւ անողոք հիւանդութեան:

Արփիկ Միսաքեան դուստրն էր 1915 Ապրիլ 24-ին ձերբակալուած բայց մազապուրծ` Փարիզ ապաստանած յանդուգն քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի, որ 1920-ին հիմնած էր «Յառաջ» օրաթերթը ու վարած էր անոր խմբագրութիւնը մինչեւ իր մահը՝ 1957-ին: Թերթին խմբագրութիւնը անվերապահօրէն շարունակած էր իր դուստրը՝ Արփիկ: