Մահ եւ Յուղարկաւորութիւն Ողբ. Բարշ. Տօքթ. Աւետիս Սրկ. Պօղոսեանի

1945-2015

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2015-ին ստացանք իր մահուան գոյժը, ու ցաւ պատճառեց ընտանիքին, ազգականներուն, բարեկամներուն եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, որուն հաւատարիմ անդամներէն մին էր, անոր համար որ կանխահաս էր իր մեկնումը:

Ազնիւ ու համեստ բնաւորութեան տէր, հոգատար ամուսին, ընտանիքի օրինակելի հայր եւ մեծ հայր մըն էր Ողբ. Բարշ. Տօքթ. Աւետիս Սրկ. Պօղոսեանը:

IMG_1602Ողբ. Բարշ. Տօքթ. Աւետիս Սրկ. Պօղոսեան ծնած էր Պոլիս 1945-ին: Անդրանիկ զաւակն էր Տէր եւ Տիկին Լեւոն եւ Նարկիզ Պօղոսեաններու, իր նախնական ուսումը ստացած էր Պոլսոյ Հինդլեան վարժարանէն ներս եւ յետոյ ֆրանսական (Սէնթ Ժոզէֆ) Լիսէի մէջ, ապա ընդունուած էր Պոլսոյ Բժշկական Համալսարանը եւ վկայուած էր իբրեւ բժիշկ:

1969-ին ամուսնացած էր Տիանա Պալապանի հետ եւ բախտաւորուած զաւակով մը Սերժ եւ երկու սիրասուն թոռնիկներով՝ Ատրիան եւ Մաթէօ:

1980-ին ընտանեօք հաստատուած էր Թորոնթօ: Հոս եւս մասնակցած էր բժշկական դասընթացներու եւ շրջանը աւարտեց 1985-ին: 1986-ին ունեցաւ իր անձնական դարմանատունը: Ապրիլ 2014-ին անհանգստութեան պատճառաւ հանգստեան կոչուեցաւ բժշկական ասպարէզէն:

Եղած էր Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամ եւ Ատենապետ, ծառայած է Ս. Խորանին իբրեւ սարկաւագ, եղած էր եկեղեցւոյս թեմական պատգամաւոր եւ թեմական խորհուրդի անդամ, մաս կազմած էր Վարդանանց Ասպետներու «Ալիշան» դահլիճի: Ատենապետն էր Հայ Բժշկական Համաշխարհային Վարչութեան եւ Օնթարիոյի Հայ Բժշկական ընկերակցութեան երկար տարիներ, առ ի գնահատանք իր տարած աշխատանքներուն 2009-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ պարգեւատրուած էր «Երախտագիտութիւն» մէտայլ շքանշանով, եղած էր եկեղեցւոյս «Տարուոյ Մարդ»-ը եւ «Տարուոյ Ասպետ»-ը, ինչպէս նաեւ զանազան առիթներով իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր համայնքի կեանքէն ներս:

Ողբացեալին թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբերին առաւօտեան ժամը 11-ին Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի, կողքին ունենալով եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը, հիւրաբար քաղաքս գտնուող Դադիվանքի շրջանի եւ Վաղուհասի (Արցախ) հովիւ՝ Արժ. Տ. Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանը, Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեանը, Մոնթրէալի Առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Պոյաճեանը, Լաւալի Ս. Խաչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեանը եւ եկեղեցւոյս սարկաւագներ Բրշ. Նուրհան Իփէքեան եւ Կարպիս Չիչէքեան:

Ս. Խորանի շապիկով ծածկուած դագաղին առջեւ կուռ դամբանականով ելոյթ ունեցան, թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան, ընտանիքի կողմէ խօսեցաւ զարմուհին՝ երէցկին Արփի Գուզուեան, Օնթարիոյի Հայ Բժշկական Ընկերակցութեան կողմէ խօսք առաւ տօքթ. Զարեհ Ուզունեան եւ եկեղեցւոյս հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեա, բոլորն ալ յիշեցին ողբացեալի ապրած առաքինի եւ օգտաշատ կեանքի օրերը եւ ցաւակցութիւններ յայտնեցին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն: Ցաւակցական գիրեր ուղարկած էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) Առողջապահական նախարարութենէն եւ եկեղեցւոյս ծխական խորհուրդէն: Ապա հանգուցեալի մարմինը ամփոփուեցաւ «Եօրք» գերեզմանատան մէջ:

Յուղարկաւորութենէն վերջ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին «Lara» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ, հոն եւս, ցաւակցական եւ սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան, Օնթարիոյի Հայ Բժշկական Ընկերակցութեան Ատենապետուհի տօքթ. Անի Հասրճեան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ատենապետ պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեան, որոնք վեր առին ողբացեալի գործօն մասնակցութիւնը եւ խօսքը գործի վերածելով յառաջ տարած իր ծրագիրները:

Ընտանիքի անունով, հանգուցեալի զաւակը Սերժ եւ իր տիկինը Նատիա Պօղոսեաններ սրտաբուխ խօսքեր ուղղեցին ներկաներուն, որոնք եկած էին յարգելու յիշատակը Տօքթ. Աւետիս Պօղոսեանի:

Իր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ սրտերուն մէջ, բոլոր անոնց, որոնք զինք ճանչցած են, կամ հետը գործակցած են: Գանատայի օտար հողը շաղախուած հայրենի հողով թեթեւ գայ յոգնած մարմնիդ վրայ, իսկ հոգիդ ալ խաղաղութեան արժանանայ:

Սրտաբուխ այս քանի մը տողերը դառնան ծաղկեփունջ քու շիրիմիդ վրայ:

Յիշատակն Արդարոց օրհնեալ եղիցի:

Այս տխուր եւ անժամանակ մահուան առթիւ, ցաւակցութիւններ կը յայտնենք հանգուցեալի կողակիցին Տիկ. Տիանա Պօղոսեանի, զաւկին Տէր եւ Տիկ. Սերժ եւ Նատիա Պօղոսեաններու, ինչպէս նաեւ մօտիկ եւ հեռաւոր ազգականներուն ու ընտանեկան պարագաներուն:

Սգակիր բարեկամդ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Նոյեմբեր 2, 2015