Մարիձա Քիւչիւքի սպանութեան դատավարութիւնը

Մուրատ Նազարեան ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ

 

Սամաթիոյ մէջ վայրագօրէն սպաննուած Մարիձա Քիւչիւքի դատավարութեան կապակցութեամբ դատարանը 24 Փետրուարին վճիռ կայացուց, դատախազութեան որոշումով այս ոճիրի մէջ առաջին օրէն ի վեր ամբաստանուող Մուրատ Նազարեան ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:

Այս վճիռը արձակուեցաւ, հակառակ որ Մուրատ Նազարեան շարունակ կը պնդէր որ ինք այսպիսի ոճիր մը չէ գործած, ինք ո’չ մէկու հետ կռիւ կրնայ ընել: Մուրատ Նազարեան կը ժխտէր, բայց շատեր, մանաւանդ Մարիձա Քիւչիւքի ընտանիքը կը սպասէր որ Նազարեան արտասանէ միւս մեղսակիցներուն կամ բուն ոճրագործներուն անունները, բայց Նազարեան այս ուղղութեամբ բնաւ չխօսեցաւ, ինչ որ զայրոյթ պատճառեց Քիւչիւքի ընտանիքի անդամներուն: Մարիձային աղջիկը , Պայծառ Միտիլլի, երբ իմացաւ դատախազութեան կողմէ արձակուած ցմահ բանտարկութեան վճիռը, բողոքեց ու Մուրատ Նազարեանը ամբաստանեց չխօսելու մեղադրանքով:

«Հիմա ամբողջ յանցանքը անոր վրայ մնաց» ըսաւ Մարիձայի դուստրը:

Քիւչիւք ընտանիքի փաստաբան Էրէն Քէսքին իր կարգին ըսաւ որ ամբաստանեալը վախցուցին ու ան ալ հրաժարեցաւ խօսելէ, մինչդեռ մասնագէտներու տեղեկագիրը ճշդած էր որ Մարիձա Քիւչիւքի սպանդը մէկ հոգիի գործը չէր: «Ասիկա շատ յստակ էր, բայց ամբաստանեալը չխօսեցաւ», ըսաւ փաստաբանը, ան աւելցուց որ ինք մինչեւ վերջ պիտի հետապնդէ այս խնդիրը:

Մարիձային դուստրը , Պայծառ, որ այս արդիւնքէն շատ զայրացած էր, ըսաւ որ այս սպանդը հաւանաբար կատարուեցաւ ցեղապաշտական զգացումներու բերումով. ինչո՞ւ մայրս սպաննեցին, մերկացուցին, մարմինը բզիկ բզիկ ըրին, մենք անոնց ի՞նչ ըրած էինք: Նազարեանն ալ ճշմարտութեան մասին չխօսեցաւ, Աստուծմէ գտնէ, ես կ’ուզեմ որ յայտնուին բուն յանցագործները«, ըսաւ Պայծառ Միտիլլի:

Միւս կողմէ «Արեւելք» համացանցային թերթի մէջ Սօֆիա Յակոբեան կը գրէ թէ ամբաստանեալ Մուրատ Նազարեան Հայաստանցի է: Մինչդեռ մինչեւ այսօր այդպիսի լուր մը առաջ չէր քշուած: Գիտենք որ Մուրատ Նազարեան Իսթանպուլահայ Սամաթիացի աղքատ բնակիչ մըն էր: