ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԼԻՏԱ ՔԷՕՍԷՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԴԻՄԱՏԵՏՐԻ ՎՐԱՅ

 Յարութիւն Դերձակեան

 

Համացանցի վրայ պատահաբար հանդիպեցայ Պոլսահայ յայտնի մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլուի յայտագրին։ Քորոնաժահրի համաճարակի օրերուն ժողովուրդին հոգեկան մխիթարութիւն պարգեւելու եւ միասնաբար աղօթելու նպատակով,  Լիտա Քէօսէօղլուն շաբաթը չորս  օր Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը   Թորոնթօ եւ Նիւ Եորքի ժամով ցերեկէ վերջ ժամը 14։00 ին դիմատետրի եւ ինսթակրամի իր էջին վրայ ունի մէկ ժամուայ յայտագիր մը, որ կը սփռուի համայն աշխարհին։ Երգչուհին նախ կը սկսի տէրունական աղօթքով, ապա քորոնաժահրէն հիւանդացողներու եւ մահացողներուն համար կարճ աղօթք մը կատարելէ ետք, յայտագրին կը սկսի իր բիւրեղեայ ու գեղեցիկ ձայնով եւ ան առանց երաժշտութեան աքափելլա ըլլալով հայ երգարուեստի ամէնէն սիրուած ժողովրդական երգերը, շարականները եւ աղօթքները կը մեկնաբանէ եւ կը զրուցէ իր էջին հետեւողներուն հետ։

Լիտա Քէօսէօղլու ծնած է 1978 ին Իսթանպուլ, նախնական կրթութիւնը Ֆերիգիւղ Մէրամէթճեան վարժարանի մէջ ստանալէ ետք, աւարտած է Էսաեան վարժարանի միջնակարգ եւ լիսէի բաժինները։ 1992 ին մաս կազմած է Լուսաւորիչ երգչախումբին։ Ձայնամարզութեան դասեր առած է Իսթանպուլի պետական երաժշտանոցի ուսուցիչներէն Մէլէք Չէլիքթաշէն, ատկէ ետք իրաւունք շահելով երկու տարի ուսանած է երաժշտանոցի մէջ։ 2006 թուականին սկսած է աշխատիլ պետական օփերայի յայտնի արուեստագիտուհիներէն վաստակաւոր սոփրանօ Ալիս Մանուկեանի հետ։ Մինչ այդ Լիտա Քէօսէօղլուն Լուսաւորիչ երգչախումբին մաս կազմած շրջանին որպէս մենակատարուհի իր մասնակցութիւնը բերած է բոլոր համերգներուն ու ձեռնարկներուն։ Լիտա Քէօսէօղլուի յայտագիրը կարելի է դիտել դիմատետրի վրայ հետեւեալ կայքէջէն։

https://www.facebook.com/lida.koseoglu