Միջազգային Ուսուցչաց Օրուայ 6-րդ Տօնակատարութիւն Թորոնթոյի Մէջ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

1994-ին «UNESCO»ն նշանակեց Հոկտեմբեր 5-ը որպէս ուսուցչաց միջազգային օր «World Teachers Day», այն յոյսով որ մարդիկ, նուազագոյն տարուան այդ օրը, գնահատեն եւ արժեւորեն ուսուցիչներու աշխատանքը եւ ճանչնան իրենց կենսական դերը:

Օնթարիոյի հայ ուսուցիչներու միութիւնը, տօնախմբեց 6-րդ տարեկան ուսուցչաց միջազգային օրը, Ուրբաթ Հոկտեմբեր 30, 2015-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» շքեղօրէն զարդարուած սրահին մէջ:

Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգ. Տ. Ստեփաննոս վրդ. Բաշայեան, օգնական հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Փանոսեան, վերապատուելի Եսայի Սարմազեան, գաղութիս մէջ գործող մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ եւ համակիրներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երիտասարդ ուսուցչուհիներէն Էօժենի Բարսեղեան, ան իր խօսքերուն մէջ ըսաւ «…Ուսուցչութիւնը գործ մը չէ, պարզ պաշտօն մըն ալ չէ, այլ կոչում մըն է, շատ անգամներ կը մոռնանք գնահատել իրենց նուիրումը, այդ անձինք որ կ’որոշեն հայերէնի ուսուցման ասպարէզին նետուիլ, հայրենիքէն հեռու այս ափերու վրայ, որքան մեծ դեր կը խաղան մեր մշակոյթի, գաղութի եւ հայ ազգի յարատեւման…»:

Յայտագիրը շարունակուեցաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, պատրաստուած Նուշիկ Կարապետեանի եւ Քրիսթինա նշանի կողմէ: Մեծ պաստառի մը վրայ ցոյց տրուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած հոյլ մը մտաւորական-ուսուցիչներու լուսանկարները, հակիրճ կենսագրութեամբ, զոր ընթերցեցին երիտասարդ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ – ապա մոմեր տեղադրելով անոնց նուիրուած ծաղկեպսակին ներքոյ: Յիշատակուած նահատակ դաստիարակ-ուսուցիչներն են.- Լեւոն Աղապապեան (1887-1915), Արիս Իսրայէլեան (Տխրունի- 1885-1915), Շաւարշ Քրիսեան (1886-1915), Ղազար Ղազարեան (Մարզպետ – 1878-1915), Սերովբէ Նորատունցեան (1884-1915), Տիգրան Չէօկիւրեան (1884-1915), Միհրան Թապագեան (1878-1915), Գրիգոր Եսայեան (1883-1915), Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ- 1859-1915), Ռուբէն Զարդարեան (1874-1915), Սմբատ Բիւրատ (Տէր Ղազարէնց- 1862-1915), Յովհաննէս Սերինկիւլեան (Վարդգէս 1871-1915) եւ Դանիէլ Վարուժան (1884-1915), որպէս յարգանք այս բոլորին Ռէմի Կրկիս արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն» քերթուածը արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:

Հանդիսավարուհի՝ Էօժէնի Բարսեղեան, հանգամանօրէն ներկայացուց օրուայ բանախօսը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանտայի Կեդրոնական Մարմնի Ատենապետ եւ ուսուցիչ պրն. Մհեր Գարագաշեանը (յատկապէս հրաւիրուած Մոնթրէալէն), տալով կենսագրական ամփոփ գիծերը:

23NOV TEACHERS  DAY

Պրն. Մհեր Գարագաշեան ողջունեց ներկաները, իր շահեկան եւ հաղորդական ոճով եւ հանգամանօրէն վեր առաւ ուսուցիչի դժուարին առաքելութիւնը ընդհանրապէս, եւ մասնաւորապէս հայ ուսուցիչի տարած բծախնդիր աշխատանքը, որպէս օտար ափերուն մէջ անոնք կը ջամբեն Մեսրոպեան ոսկեղնիկ մայր լեզուն մեր նորահաս սերունդներուն: Ուսուցիչը պաշտօնեայ մը չէ այլ ան երկրորդ ծնողք մըն է, որ երեխային միտքը կը շաղախէ, շարունակելով իր խօսքը պրն. Գարագաշեան յատկապէս աւելցուց ըսելով որ 2015-ի ազգովին անմոռանալի անկիւնադարձ մը նուաճեցինք Եղեռնի 100-ամեակի դարադարձը, իբրեւ մէկ Ազգ եւ մէկ ժողովուրդ ի Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռքի մէջ բարձրորակ եւ բազմակողմանի ձեռնարկներ նշելով:

Մեր նորահաս սերունդին հայ վարժարաններու միջոցաւ ուսուցիչները աշխատեցան վառ պահել ազգային ոգին եւ շունչը իրենց մէջ:

Գաղթական ծնողքներու զաւակները ապաստանելով թիթեղեայ տնակներու մէջ, սակայն անոնք աննկուն կամքով եւ վերապրելու վճռակամութեամբ կերտեցին, հայ վարժարաններ, եկեղեցիներ եւ մշակութային կեդրոններ: Յարգելի բանախօսը իր խօսքերը աւարտեց, շնորհաւորելով ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, շնորհաւորեց օրուայ չորս մեծարեալները, իրենց տարիներու անխոնջ աշխատանքին համար, օտարներուն ծանօթացնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Յարգելի բանախօսի տպաւորիչ ելոյթը արժանացաւ ներկաներու ծափողջոյններուն:

Կարճ դադարէ մը ետք գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ երիտասարդ սերունդէն Արմէնիա Սարգիսեանը, իր վճիտ առոգանութեամբ մեներգեց «Սարերի Հովին Մեռնիմ»ը, խօսք Ն. Ռուսինեանի, երաժշ. Գ. Երանեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Դինա Կարապետեանի, որմէ ետք դաշնամուրի վրայ հայկական մեղեդիներ նուագեց տիկ. Դինա Կարապետեան անոնք արժանացան ներկաներու ջերմագին ծափահարութիւններուն:

23NOV TEACHERS  DAY2

Ինչպէս ամէն տարի, Օնթարիոյի Հայ Ուսուցիչներու Միութիւնը կը մեծարէ վաստակաւոր չորս ուսուցիչներ, այս տարի ըլլալով Ցեղասպանութեան 100-ամեակը վարչութիւնը որոշած էր պատուել չորս անհատներ, որոնք աշխատած են տարբեր ձեւերով ծանօթացուցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը օտարներուն, մեծարանքի արժանացան պրն. Ճորճ Շիրինեան (Զօրեան Հիմնարկ), դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլ, դոկտ. Լօրն Շիրինեան եւ դոկտ. Ալէն Ուայթհօրն, որոնց կենսագրականը յաջորդաբար ներկայացուցին, Թինա Սէրայտարեան, Ռաֆֆի Սարգիսեան, Նաթալի Պարսումեան եւ Ռուպինա Քէօշկէրեան, մեծարեալները ձեռամբ Օնթարիոյի Հայ Ուսուցիչներու Միութեան ատենապետուհի տիկ. Լուսի Ղարիպեանի ստացան գեղեցիկ ապակեայ յուշանուէրներ, որմէ վերջ, տիկ. Ղարիպեան ելոյթ ունեցաւ սրտի խօսքով եւ ըսաւ. «… Այս գիշեր հարկաւոր էր յատուկ ձեւով տօնել համաշխարհային Ուսուցչաց Օրը, յիշելով այն տնօրէնները ուսուցիչները որոնք նահատակուեցան 100 տարիներ առաջ, որպէսզի անոնց յիշատակը մնայ անթառամ, մենք այսօր մեծարեցինք չորս անհատներ որոնք ոչ միայն արժանացած են բարձր ուսումնական տիտղոսներու այլ եղած են նաեւ համալսարանի ուսուցիչներ եւ իրենց գրիչի ներքեւէն դրոշմը դրած են Ցեղասպանութեան ճշգրիտ իրականութիւնները յայտնաբերելով օտարներուն եւ բոլոր աշխարհի…», խօսքի աւարտին շնորհակալութիւններ յայտնեց Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, Ծխական Խորհուրդի, որոնք տրամադրած էին այս սրահ, շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն, Նորա Պալթայեանի, Անուշ Հասըրճեանի, Մարինա Տօրնա-ի, Ժանէթ Աբրահամեանի, Էօժէնի Բարսեղեանի, Քրիսթինա Նիշանի, Թինա Սէրայտարեանի եւ Անդրանիկ Չիլինկիրեանի, որոնք ճիգ չխնայեցին սոյն ձեռնարկը իրականացնելու, շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական յայտագրի մաս կազմողներուն ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Թինա Սէրայտարեանները, որոնք նուիրած էին յուշատախտակները մեծարեալներու:

Փակման խօսքը կատարեց Տէր Զարեհ Ա. Քահանան, շնորհակալութիւն յայտնեց Օնթարիոյի Հայ Ուսուցիչներու Միութեան, գնահատեց անոնց տարած աշխատանքը, մաղթելով որ նոյն թափով շարունակեն իրենց աշխատանքը, շնորհաւորեց նաեւ մեծարեալ չորս անհատները:

Հոգ. Տ. Ստեփաննոս վրդ. Բաշայեանի աղօթքով ու պահպանիչով վերջ գտաւ այս մեծարանքի հանդիսութեան երեկոն: