Մուսա Լերան Հերոսամարտէն Ազատած Եւ Եգիպտոս Ապաստանած Գաղթականներու Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշակոթողի Վերաբացում

Եգիպտահայութեան նախաձեռնութեամբ, 16 հոկտեմբերին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցաւ վերաբացումը  Մուսա Լերան հերոսամարտէն ազատած եւ 1915-1919 թուականներուն Եգիպտոս (Փոր Սայիտ) ապաստանած գաղթականներու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին:

Նախաձեռնութեան ներկայ էին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան

Արմէն Մելքոնեան, Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդ հայրերը, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Եգիպտոսի տարբեր շրջաններէ հայ եւ օտար անձնաւորութիւններ:

Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն տողանցքով. անկէ ետք խօսք առին Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ արք. Մնացականեանն ու Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեանը, որոնք նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Եգիպտոսին եւ դրուատեցին հայոց նկատմամբ անոր ցուցաբերած մարդկային վերաբերումը` 1915-ի արհաւիրքով լի օրերուն: Անոնք նաեւ լուսարձակի տակ առին եգիպտացի ժողովուրդին հիւրընկալութիւնն ու զօրակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Եգիպտոս հասած հայերուն: Այս առիթով Այնճարի քաղաքապետը յուշանուէր մը յանձնեց թեմի առաջնորդարանին:

Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար, նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտէն ետք Եգիպտոս եկած եւ հոն մահացածներուն յիշատակին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու եւ ծաղիկներու զետեղում` նորաբաց յուշարձանին առջեւ: