Աշխատանքային այցով Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի՝ 28 Հոկտեմբեր 2015-ին, Վէսթմինսթըրեան աբբայութեան մէջ մասնակցած է 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան նոր սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Ընդհանրական արարողութիւնը Լոնտոնի եպիսկոպոս Ռիչըրտ Չարթրիսի հետ հանդիսապետած է Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Արարողութեան ներկայ գտնուած է նաեւ Ուէյլսի արքայազն Չարլզը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցին Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած մարտիրոսներու յիշատակութիւնը ու անոնց անմահ հոգիներու համար ընդհանրական աղօթքը հնչած է նաեւ որպէս հրաւէր բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց, ազգերուն ու ժողովուրդներուն` միանալու արդարութեան հաստատման համար աղօթքին եւ իրենց ձայնը հնչեցնելու մարդկութեան դէմ մեծագոյն յանցագործութեան` ցեղասպանութեան դէմ պայքարին, աղօթելու աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման ու պահպանման համար:
Աւարտին յիշենք, որ արարողութեան ժամանակ հոգեւոր երգերը կատարած է Լոնտոնի Սբ. Եղիշէ Հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբը: