Նախարար Յակոբեան Մարսէյլի մէջ մասնակցած է շարք մը ձեռնարկներու

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Մարսէյլ-Փրովանս-Հայաստան-2015» միութեան հետ համատեղ Մարսէյլի մէջ «Հայաստանի տարի» ծրագիրի ծիրէն ներս իրականացուող ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով՝ Յունիս 19-22 Մարսէյլ այցելած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։

Յունիս 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիթեչեանի ուղեկցութեամբ հանդիպած է Պուշ տիւ Ռոնի մարզպետ տիկին Մարտին Վասալի հետ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են մարզի հայութեան եւ հայ-ֆրանսական բարեկամական կապերու զարգացման հետ կապուած հարցեր: Տիկին Վասալին հպարտութեամբ նշած է իր հայկական արմատներուն մասին:

Նոյն օրը նախարարը մասնակցած է Սարգիս Գրիգորեանի նկարներու «Ծիրանի ծաղիկ» խորհրդանշական խորագիրով ցուցահանդէսին, ապա ներկայ գտնուած է «Կոմիտաս» քառեակի (ղեկավար` Ալէն Պապուշեան) Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգին, որուն մասնակցած են հայ եւ օտար երաժիշտներ:

Յունիս 20-ին Հ. Յակոբեան մասնակցած է Հայ Երիտասարդաց միութեան (ԺԱՖ) երգի եւ պարի խումբերու տարեկան համերգին: Համերգի աւարտին` նախարարը ժՍՖ-ի պարախումբի  գեղարուեստական ղեկավար Մարիոն Շամասեան եւ Ժաֆ-երգչախումբի ղեկավար Միքայէլ Վէմեան պարգեւատրած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:

Նոյն օրը նախարարը մասնակցած «Մարսէյլի հայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան տան» տարեկան ճաշկերոյթին, որմէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող հայանպաստ ծրագիրներուն:

Կիրակի` Յունիս 21-ին, նախարար Հ. Յակոբեան այցելած է Մարսէյլի Հայ Աւետարանչական եկեղեցի, այնուհետեւ, մասնակցած է Պոմոն թաղամասի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պատարագի արարողութեան, որմէ յետոյ, տեղի ունեցած է ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին մօտ: Ձեռնարկին մասնակցած են Ֆրանսայի ԱԺ պատգամաւորներ, Մարսէյլի փոխքաղաքապետ Վալերի Պուայեն, Պուշ տիւ Ռոնի մարզպետ Մարտին Վասալին, թաղապետեր, հայկական համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ եւ գործիչներ:

Մարսէյլի մէջ գտնուելու օրերուն նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպումներ ունեցած է  հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն հետ, մասնակցած ՀԲԸՄ տարեկան ճաշկերոյթին, այցելած «Համազգային»ի վարժարան եւ ՀՅԴ ակումբ:

Մարսէլահայ համայնքի  խումբ մը աշխոյժ եւ նուիրեալ անձիք պարգեւատրուած են նախարարութեան մետալներով, պատուագրերով եւ շնորհակալագրերով:

Մարսէլեան ձեռնարկներու աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայ գտնուած է Նունէ Եսայեանի «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» կարգախօսով բարեգործական համերգին:

Համերգին ներկայ եղած են նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան,   Մարսէյլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս  Վարդան Սրմաքեշ, Մարսէլի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ,  4000-է աւելի  մարսէլահայ եւ ֆրանսացի ունկնդիրներ: