Շաբաթ՝ 5 Հոկտեմբեր 2019-ին, Պոլսոյ Շիշլի գերեզմանատան մէջ հայ մեծանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանին բացումը տեղի ունեցաւ։ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք` Սահակ Եպս. Մաշալեան իր դիմատետրի էջին վրայ կը գրէ.«Յայտնի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան, իր գործերուն մէջ կը մատնանշէ համայնքային հարցերը: Իր ուրոյն ոճով կերտած երգիծական գրականութիւնը մեծապէս ընդունելութիւն գտած է մեր մօտ: Այսօր, Սարգիս Կիւլէկէչի բարերարութեամբ եւ Էրօլ Սարաֆեանի ձեռամբ պատրաստուած Յակոբեանի արձանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան, արուեստագէտ Պօղոս Չալկճեանի, որոնց մասնակցութեամբ լաւապէս ոգեկոչեցինք Յակոբ Պարոնեանը»։
Editor's Picks
Թուրք գիտնականները միայն մէկ գտածոյով առաջնորդուելով՝ կը փորձեն իսլամական անցեալ վերագրել...
Վանի մէջ գտնուած է պարսիկի մը հին գերեզմանը։ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ծանուցում ստացած է, որ Վան նահանգի Արտամէտ (Էդրեմիթ) գաւառի Շապանիյէ թաղամասին մէջ գանձ որոնողները...
Popular
Vibrant ACC Cocktail Reception To Recently Elected Federal Minister and...
On January 6th, on the occasion of the Armenian Christmas, a highly attended, vibrant cocktail reception was organised by the newly formed Armenian Canadian...