Դեկտեմբեր 9-ին ՉԺՀ Տալիան քաղաքի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ կայացաւ Չինաստանի մէջ առաջին հայագիտութեան կեդրոնի բացումը, որ հնարաւոր եղաւ իրականացնել Երեւանի Վ.Բրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի եւ Տալիանի օտար լեզուներու համալսարանի համագործակցութեան արդիւնքով:
Կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ՉԺՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան, Երեւանի Վ.Բրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի պատուիրակութիւնը` տնօրէն Գայեանէ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ, Տալիանի օտար լեզուներու համալսարանի ղեկավարութիւնը, Տալիանի քաղաքապետարանի, չինական տարբեր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Տեղի ունեցած հանդիսաւոր նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան կեդրոնի տնօրէնը, երկու բարեկամ համալսարաններու ղեկավարները, Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեանը: Վերջինս կարեւոր համարեց իր տեսակին մէջ առաջին հայագիտութեան կեդրոնի բացումը, որ պիտի դառնայ իւրայատուկ հարթակ հայ-չինական երկկողմ յարաբերութիւններու լայն շրջանակի հարցերու քննարկման, յետագայ փոխգործակցութեան խորացման ուղիներու ուսումնասիրութեան համար:
Դեսպանը համոզում յայտնեց, որ կեդրոնը պիտի նպաստէ գիտական եւ մշակութային համագործակցութեան ընդլայնման ոչ միայն երկու համալսարաններու, այլեւ երկու երկիրներու կրթական համակարգերուն միջեւ` դառնալով հայ եւ չին ժողովուրդներու բազմադարեայ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան եւս մէկ վառ օրինակ:
Ա.Սարգսեան վստահեցուց, որ դեսպանութիւնը անհրաժեշտ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ կեդրոնին եւ մշտական ուշադութեան կեդրոնին պիտի պահէ անոր գործունէութիւնը:
Ելոյթներէն ետք համալսարանի հայ եւ չինացի ուսանողները միասին արտասանեցին հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները:
Արարողութեան աւարտին մասնակիցները համալսարանի ուսանողներուն հետ միասին այցելեցին նորաբաց կեդրոն` փոխանցելով տարաբնոյթ գիրքեր, ձեռնարկներ, տպագիր եւ ելեկտրոնային ուսումնական նիւթեր` առաջին քայլը կատարելով կեդրոնին մէջ հայագիտական հարուստ գրադարանի ձեւաւորման գործին:
December 11, 2015