Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները» վաւերագրական ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ Հայկազեան համալսարանին մէջ

26 Հոկտեմբեր 2017-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ ցուցադրուեցաւ Հայկազեանի շրջանաւարտ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը, որուն ներկայ էին մեծ թիւով ակադեմականներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ, հանրային դէմքեր եւ ուսանողներ:

Այս առիթով  Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Պարէտ Մարոնեանը` իր ժապաւէնին ընդմէջէն Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կնոջ տանջանքները հարազատօրէն ներկայացնելու եւ տարածելու աշխատանքին համար: Իր Խօսքին մէջ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շեշտեց կարեւորութիւնը նման գործերու, որոնք լոյս կը սփռեն ոչ միայն հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքներուն, այլեւ` բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք մինչեւ ներկայ ժամանակները կ՛ապրին նմանատիպ դժուարութիւններ:

Յայտագիրը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեանը, որ ներկայացուց Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնի հիմնական խորհուրդը` վեր առնել հայ կնոջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ` լուսարձակի տակ առնել ամերիկացի եւ եւրոպացի կիներու կողմէ տրուած բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները, որոնք անկիւնադարձային եղան Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք կազմուած գաղթավայրերուն մէջ, յիշելով յատկապէս ժապաւէնին մէջ նշուած Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանը, Մարի Լուիզ Կրաֆֆամը, Տիանա Աբգարը եւ Մարիա Ճէյքըպսընը:

Նշենք, որ վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ, Պարէտ Մարոնեանը չորս անգամ շրջանային պատկերասփիւռի «Էմմի» մրցանակի մրցանակակիր է, 2016-ին «Արմին Վեկներ» մարդասիրական մրցանակի մրցանակակիր, ինչպէս նաեւ վերջերս ստացած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի «Արուեստի եւ գրականութեան» մրցանակը:

Մարոնեան 2006-ին հիմնած է «Արմենոյտ» խումբը եւ հիմնականօրէն կ՛արտադրէ հայկական նիւթերով վաւերագրական ժապաւէններ: Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական ժապաւէնը Ամերիկայի տարածքին յաջողած է հասնիլ 100 միլիոն հանդիսատեսի:

Շուրջ իննսուն վայրկեան տեւող ժապաւէնին հետեւելէ ետք ներկաները բարձր գնահատեցին Պարէտ Մարոնեանին աշխատանքը` ընկերային մթնոլորտի մը մէջ ուղղելով իրենց հարցումները: