Պելճիքայի մէջ` «Հայոց Պատմութիւնը Եւ Հայերու Ծագումը» խորագիրով համաժողով

Պելճիքայի Լիեժ քաղաքի «Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը Փետրուար 19-ին կազմակերպած է «Հայոց պատմութիւնը եւ հայերու ծագումը» խորագիրով համաժողով մը: Այս մասին կը յայտնէ «Մեսրոպ Մաշտոց» միութեան նախագահ Լուսինէ Ներսիսեանը։

Համաժողովը վարած է Լիւվենի կաթոլիկ համալսարանի տնօրէն, Արեւելքի պատմութեան դոկտոր-փրոֆէսըր Պեռնար Գուլին:

Ձեռնարկին  ներկայ եղած են օտար հիւրեր, հայ երիտասարդ ուսանողներ, որոնք բազմաթիւ հարցեր ուղղած են բանախօսին: Փրոֆէսըր Գուլին լիարժէք պատասխանած է բոլորի հարցերուն` ներկայացնելով փաստեր քարտէզներով ու նկարներով:

«Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը իր  շնորհակալութիւնը յայտնած է Պեռնար Գուլին եւ համաժողովի մասնակիցներուն: