Երկուշաբթի՝ 27 Մայիս 2019-ին, Ֆրանչիսկեաններու Ս. Փրկիչ վանքին մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Յարութեան տաճարի հիմքի ու Սուրբ Գերեզմանի վերականգնման ու նորոգման համաձայնագրի ստորագրութեան արարողութիւն՝ Սթաթուս Քոյի երաշխաւոր երեք համայնքներու Հոգեւոր առաջնորդներու` Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքի, Յոյն Պատրիարքի եւ Սուրբ Երկրի Կուսթոսի կողմէն:
Հայկական, յունական եւ կաթոլիկ եկեղեցիները համաձայնած են իրականացնել վերականգնման աշխատանքները։ Նշուած է, որ այս նախագիծը յաջորդած է Սուրբ Գերեզմանի վերականգնման յաջողած ծրագրին:
Աշխատանքները պիտի իրականացուի 2 փուլով՝ ներկայ վիճակի գնահատում, ապա վերականգնում։ Ուսումնասիրութիւնները պիտի իրականացուի 2 իտալական ակադեմիական ու գիտական հիմնարկներու կողմէ եւ աշխատանքներն ալ պիտի կատարուին 3 համայնքներու համատեղ յանձնաժողովի հսկողութեամբ։
«Մենք կ’աղօթենք Աստծուն՝ օրհնել այս նախաձեռնութիւնն ու պսակել այս նախագիծը յաջողութեամբ»,-ըսուած է անոնց տարածած համատեղ յայտարարութեան մէջ։