Պոլսոյ «Մարմարա»-ի Խմբագրին Մասին Նոր Տեսաֆիլմ

Կիրակի՝ 31 Յունուար 2016-ին Հայաստանի Հ1 հեռատեսիլի պաշտօնական կայանէն հաղորդուած է նշանաւոր հաղորդավարուհի եւ վերլուծաբան Արփէն Մովսիսեանի կողմէ պատրաստուած «Մարմարա»-ի գլխաւոր խմբագիր Ռ. Հատտէճեանի մասին նոր ժապաւէն մը: Այս մասին կը տեղեկանանք «Մարմարա»-էն, ուր կը նշուի, թէ Հատտէճեանին նուիրուած Մովսիսեանի յայտագիրը այս անգամ կը կրեր «Թուղթ առ Ռոպէր Հատտէճեան» վերնագիրը:

Արփէն Մովսիսեան նախապէս ալ Հայաստանի մէջ, կամ Պոլիս այցելած ժամանակ յայտագիրներ արձանագրած էր Հատտաէճեանի մասին: Իսկ այս անգամուան յայտագիրը կը բաղկանար հիներուն վրայ աւելցած նոր տուեալներով, որոնք նախապէս չէին հրապարակուած: Կատարուած հարցազրոյցներուն մէջ լայն կարելիութիւն տրուած էր, որպէսզի խմբագրապետը արտայայտեր իր կարծիքը եւ մտորումները ազգային լինելութեանը շահագրգռող նիւթերու շուրջ, անդրադառնար ազգային ինքնութեան հրամայականներուն, խօսէր մշակոյթի գործօններուն մասին, եւ անցեալի իր յուշերը փոխանցէր հանդիսատեսին, Արփէն Մովսիսեանի ուղղած հարցումներուն միջոցաւ: Յայտագրին մէջ կարեւոր մաս կազմած է Արփէն Մովսիսեանի վերլուծական մեկնաբանութիւնները, որոնք մեկնելով «Յուշատետր»երու խորհուրդէն, կը պարզաբանէին Ռ. Հատտէճեանի գաղափարական աշխարհը:

Յատկանշական է հաղորդման աւարտին Մովսիսեանի հարցին Հատտէճեանի տուած պատասխանը, երբ հարցուցած էր որ վաղուան յուշատետրը դեռ գրուա՞ծ չէ, Ռ. Հատտէճեան պատասխանած էր, որ «Ոչ, վաղուան յուշատետրը դեռ չէ գրուած, ան պիտի գրուի վաղը, ձեր բոլորին հետ ձեռք ձեռքի»: