Նոյեմբեր 2, 2015, Երկուշաբթի օր, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, ՌԱԿի անդամներ, զանազան երկիրներէ եկած ռամկավար ազատական պատասխանատու ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան Երեւանի Հանրապետութիւն փողոցի (նախկին Ալավերդեան) թիւ 47 շէնքի մուտքին, բացումը կատարելու ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան կեդրոնական գրասենեակի անուանակոչութեան արարողութեան:
Նիւ Ճըրզիաբնակ ազգային բարերար եւ ՌԱԿի ջերմ բարեկամ Նազար Նազարեանի բարերարութեամբ ամբողջութեամբ կը վերանորոգուին կեդրոնատեղիի գրասենեակները, «Ազգ» թերթի խմբագրատունը, գրադարաններն ու սրահները, լրացուցիչ արդիական կահոյքով ու խմբագրատան լրացուցիչ սարգաւորումով: Այսուհետեւ գրասենեակը պիտի կոչուի «Նազար եւ Արտեմիս Նազարեան Կեդրոն»:
Առաջին խօսք առնողը եղաւ ՌԱԿ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Նազարեան գերդաստանի բարեգործութիւնները Հայաստանի, Ս. Էջմիածնի եւ աշխարհի զանազան գաղութներէն ներս: Նաեւ անդրադարձաւ Տիկին Արտեմիս Նազարեանի հայրենասիրութեան մասին. ան ծնունդն է հայաբնակ Պոստոնէն Ռամկավար հարազատ ընտանիքի մը:
Խօսք կ’առնէ նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Նիւ Եորքի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան, որ երկար տարիներ սերտ յարաբերութեան մէջ է եղած բարերար ամոլին հետ: Ան երախտագիտութեամբ եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս նոր բարերարութեան համար, դիտել տալով որ քաղաքական հասարակական իմաստով Երեւանի ամենէն նշանակալից այս վայրի մէջ այժմ կը գտնուի ՌԱԿի վերանորոգուող գրասենեակը, որու դրացի են Բարգաւաճ Հայաստան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հանրապետական կուսակցութիւններու կեդրոնական գրասենեակները, ինչպէս նաեւ՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կեդրոնատեղին, որուն բարերարութիւնը եւս կատարած էր անցեալ տարի Նազար Նազարեանը:
Այնուհետեւ, ներկաներու ծափահարութիւններով Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հանրապետական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան քօղազերծեցին ցուցանակը ու կտրեցին կարմիր ժապաւէնը:
Ներկաները առիթը ունեցան այցելել վերանորոգուող համալիրին զանազան բաժինները: Յոյսով ենք որ մինչեւ տարեվերջ կ’աւարտին բոլոր շինարարական աշխատանքները եւ կուսակցութեան գրասենեակներն ու անձնակազմը կը վերադառնան իրենց նոր կեդրոնը: