Թորոնթոյի Ս. Ե. Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան, տարեկան պազար-տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Կիրակի Նոյեմբեր 8, 2015-ին, յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» Սրահին մէջ:
Պազարին այս տարուայ պատուոյ հիւրն էր, եկեղեցւոյս երկարամեայ սիրայօժար քարտուղարուհիներէն եւ Տիկնանց Միութեան վարչական նախկին անդամուհիներէն. Տիկ. Սօնիա Գոգորեանը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան ժրաջան Ատենապետուհի Տիկ. Ժագլին Իսաղօլեան: Պատուոյ հիւրին կենսագրական ամփոփ գիծերը ներկայացուց Տիկ. Սեդա Գանտահարեան, շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, ապա Տիկ. Գոգորեան կատարեց ժապաւէնի հատումը, որմէ վերջ բացուած յայտարարուեցաւ պազարը:
Տիկնանց Միութեան անդամուհիներու պատրաստած համեղ ճաշերը ու անուշեղէնները շուտով սպառեցան ներկայ հոծ բազմութեան կողմէ: Մեղուաջան տիկինները մեծ խանդով ու եռանդով կ’աշխատէին, ջանալով գոհացնել բոլորն ալ:
Կը շնորհաւորենք եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութիւնը ինչպէս նաեւ բոլոր անդամուհիները իրենց անձնուէր գործունէութեան համար: