Սուրիահայ Վազգէնին Արծաթէ Գործերը Իրենց Տեղը Գտած Են Աշխարհի Տարբեր Անկիւններուն Մէջ

Դժուար է պատկերացնել, թէ Երեւանի Ոսկիի շուկայի ամենավերեւի յարկի փոքրիկ խուցի մը մէջ, ուր երկու հոգին դժուարութեամբ կրնան շարժիլ, սուրիահայ Վազգէնը ինչպէս կը ստեղծէ արծաթէ փոքրիկ հրաշքներ, շունչ կու տայ սառն մետաղին ու կը դարձնէ արուեստի գործեր: Հետաքրքրական է, որ սուրիահայ արծաթագործին աշխատանքները հիմնականօրէն կը գնահատեն զբօսաշրջիկները:

Վերջին տարիներուն Վազգէն Արճեանը Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման սեփական վիճակագրական սանդղակը ստեղծած է. եթէ առեւտուրը ամրան ամիսներուն նախատեսուածէն լաւ կ՛ըլլայ, կը նշանակէ զբօսաշրջիկներու հոսքը մեծ է: «Եւրոպա, Գանատա, Ռուսիա, Իրան… Հիմնականօրէն այդ երկիրներէն ժամանածները կը գնեն իմ պատրաստած զարդերս: Ես ալ կ՛ուրախանամ, որ իմ զարդերս իրենց անկիւնը կը գտնեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ»,- կ՛ըսէ­ Վազգէնը ու կ՛աւելցնէ, որ իր զարդերը իւրայատուկ են, քանի որ բացառապէս ձեռքի աշխատանք են: Վազգէնը կը կիրառէ արծաթագործութեան հին աւանդական մեթոտները, որոնք իրեն սորվեցուցած են իր նախնիները:

Ան Հայաստան տեղափոխուած է երեք տարի առաջ: Սուրիոյ իրադարձութիւնները ան կ՛անուանէ «անիմաստ պատերազմ»: Բազմաթիւ ընկերներ, հարազատներ կորսնցուցած է արիւնահեղութեան հետեւանքով, որուն նպատակն ու իմաստը ոչ ինքը կը հասկնայ, ոչ ալ իր շրջապատը:

Վազգէնը կ՛ըսէ, որ Հալէպը դժուարութեամբ ձգած է, բայց Երեւան գալու հարցով վայրկեան անգամ չէ տատանուած: «Բախտաւոր մարդ եմ, քանի որ հայրենիքէս եկած եմ հայրենիք: Սուրիան իմ հայրենիքս է, Հայաստանը` նոյնպէս»,- կ՛ըսէ Վազգէնը:

Կենսամակարդակի առումով Վազգէնը նոյնիսկ համեմատութեան եզրեր չի կրնար գտնել Երեւանի եւ Հալէպի կեանքերուն մէջ: Հալէպի մէջ ան նշանաւոր արծաթագործ Վազգէնն էր եւ շատ յաճախ 24 ժամ անդադար աշխատանքը չէր բաւականացներ պատուէրները հասցնելու համար: Երեւանի մէջ ան դժուարութեամբ կը հոգայ ընտանիքին ծախսերը: «Արաբները կը սիրէին հայ վարպետներուն գործերը ու իրենց տունը կը զարդարէին արծաթէ իրերով, սպասքով, սկուտեղներով: Հայաստանի մէջ, ի հարկէ, վաճառքի առումով անհամեմատելի է: Հոս ամէն մէկը չէ, որ կրնայ մեծ զարդեր գնել, հիմնականօրէն զբօսաշրջիկները կը գնեն իմ գործերս»,-­ կ՛ըսէ Վազգէնը:

Arm. 1 Feb (Vazken)1Arm. 1 Feb (Vazken)2

Ան կը խոստովանի, որ Երեւանի մէջ գտած է ապահովութիւն, սակայն որպէս առաջնակարգ մասնագէտ` յաճախ կը վիրաւորուի ու կը նեղուի: «Պատճառն այն է, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ կը նախընտրեն ոչ թէ ձեռքի, այլ մեքենայի աշխատանքը»,- կ՛ըսէ­ Վազգէնը ու կը շեշտէ, որ յաճախ խանութները հրաժարած են ընդունելէ իր գործերը` պատճառաբանութեամբ, որ անոնք ձեռքի աշխատանք են: «Շատ զարմանալի է: Ողջ աշխարհը այսօր նախապատուութիւնը կու տայ ձեռքի աշխատանքին, իսկ Հայաստանի մէջ հակառակն է»:

Վազգէնը կը փաստէ, որ մետաղի լեզուն հասկանալը այնքան ալ բարդ գործ չէ: Քիչ մը երեւակայութիւն, քիչ մը ստեղծագործական մօտեցում, շատ սէր ու նուիրում, աշխատասիրութիւն: Սա, ըստ Վազգէնին, իւրաքանչիւր աշխատանքի յաջողութեան բանալին է: «Պէտք է աշխատանքդ արժեւորես, գնահատես, յարգես, որպէսզի արդիւնքը գոհացնէ»,-­ կ՛ըսէ ան: Երեւանեան կեանքին յարմարուելու համար ալ Վազգէնը բաղադրատոմս ճարած է. քիչ մը համբերութիւն, լաւատեսութիւն ու կամքի ուժ:

ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

«Արմենփրէս»